2009-04-18 13:22:44

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան յուշարձան Երեւանի մէջ։


 Երեւանի մէջ մինչեւ տարեվերջ պիտի տեղադրուի հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձան մը։ Յուշարձանի հեղինակն է ճարտարապետ Լեւոն Մկրտչեան։ Ան յայտնած է, որ յուշարձան կառուցելու նախաձեռնութիւնը՝ Դամասկոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարուժան Սալաթեանին է։ Սոյն յուշարձանին տեղադրումը արաբական երկիրներու մէջ գտնուող հայութեան եւ ամբողջ հայութեան երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն, որոնք օգտակար դարձած են Մեծ եղեռնէն փրկուողներուն։ Յուշարձանին կառուցման համար, 1998-ին՝ Սուրիոյ տարածքին յայտարարուած էր մրցում մը, որուն մասնակցած էին հայ եւ օտար ճարտարապետներ։

Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի լիճի ափին։ Ըստ ճարտարապետին, տեղադրման վայրը պատահականօրէն չէ ընտրուած, անիկա կը նայի Արարատին, որով կամբողջանայ յուշարձանին համայնապատկերը։ Նշենք, որ յուշարձանին քանդակագործներն են Սմբատ եւ Ռաֆիկ Մկրտչեանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.