2009-04-17 13:31:34

Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները\

Սարգիս Բարխուդարեան


Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները\

Սարգիս Բարխուդարեան

Սարգիս Բարխուդարեան ծնած է Թիֆլիս 1887-ին. Ան հայկական երաժշտութեան յօրինող մեծ վարպետներէն մին է։ Իր նախնական ուսումները աւարտելէ ետք Թիֆլիսի հայկական վարժարանին մէջ, ան, որպէս երաժշտութեան ուսումի ձիրքի տէր անձ մը, ուղարկուած է Պերլին եւ տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ, զոր յաճախած է 1907-էն մինչեւ 1909, եւ ուր մասնագիտացած է գլխաւորաբար դաշնամուրի նուագին մէջ, իբր ուսուցիչ ունենալով Շուլցը։

Անկէ ետք` կը մեկնի Բեդրոկրատ, ուր կը հետեւի տեղական Գոնսերվաթորիային մէջ, երաժշտութեան յօրինման, ունենալով որպէս ուսուցիչ` Գալաֆաթ, Շթայնպերկ եւ Վիտոլ։ Յետագային կը դասաւանդէ նաեւ թէ Թիֆլիսի, թէ Երեւանի երաժշտանոցներուն մէջ։

Իր ստեղծագործութեան էական բաժինը կը կայանայ դաշնամուրի համար մանր նուագներու յօրինման մէջ։ Ինչ որ շահեկան է հայ երաժշտութեան համար` այն է որ Բարխուդարեան իր ստեղծագործութիւններուն տուած է հայկական գոյն, այսպէսով զարգացնելով տոհմային երաժշտութիւնը, որ ընդհանրապէս միշտ մնացած է բերանացի աւանդութեան մէջ։

Նշանաւոր են իր Արեւելեան Պարերը, 1910-էն մինչեւ 1913, որոնք հիմնական դեր կատարեցին հայկական երաժշտական նորաստեղծ արուեստին մէջ։ Ընդհանրապէս պարեղանակները ժողովուրդի ազատ ստեղծագործութիւններ եղած են, ասոր համար ալ` յաճախ իրարմէ կը տարբերին տեղւոյն, առիթին կամ նուագողներուն համաձայն։

Բարխուդարեան` զանոնք նօթագրելով, նախ փրկեց կորուստէ, եւ ապա` կանոնաւորեց եւ դաշնաւորումով` ձեւաւորեց, ինչ որ մեծ բախտաւորութիւն եղաւ մասնաւորապէս յետագային եկող սերունդներուն համար։ Ան հեղինակն է նաեւ երկու շարք մանր դաշնամուրային կտորներու, որոնք միշտ կը կրեն հայկական գոյն ու դրոշմ. Անոնք գրուած են 1910-էն մինչեւ 1923 թուականներուն միջեւ։

1917-ին` կը յօրինէ իր առաջին երկար ստեղծագործութիւնը, որ է Անոյշ սիմֆոնիք պոէմը։ Ապա 1932-ին` Անդր-ֆետերացիա Սուիթը։ Իր երրորդ ստեղծագործութիւնն է Նարինէ Պալլէթը, 1938-ին, որ սակայն միայն իր մահուընէ ետք բեմադրուեցաւ։

Մինչեւ 1936 թուականը ապրած է Թիֆլիսի մէջ, մերթ ընդ մերթ Երեւան մնալով։ Այդ թուականին կը ստանայ Վրաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի պատուանշանը. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք` աւելի կը մնայ Երեւան, ուր զարկ կու տայ Երեւանի երաժշտական թատրոնին, զանազան կատակերգութիւններու համար նուագներ յօրինելով։ Այսպէս զոր օրինակ` Յակոբ Պարոնեանի Մեծապատիւ Մուրացկաններու նուագները, ինչպէս նաեւ Դերենիկ Դեմիրճեանի Քաջ Նազար զաւեշտին նուագը։

1942-43 թուականներուն` Բարխուդարեան յօրինած է 25 կտորներ մանուկներու համար, ինչպէս նաեւ Քեռի Քուչի մանկական Օփերան։ Ապա` երբ Հայաստանի մէջ սկսած է Շարժապատկերի – Սինեմայի – արուեստը, ան յօրինած է երաժշտութիւնը Կարօ եւ Տէրն ու Ծառան ֆիլմերուն։ Ըրած է նաեւ աշուղական երգերու մշակումներ։

Սարգիս Բարխուդարեան կը մեռնի Թիֆլիսի մէջ 1973-ին. Իր մարմինը կը փոխադրուի Երեւան, ուր թաղուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.