Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ՆԳ նախարարները
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ՆԳ նախարարները
Ապրիլի
15-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հաւաքական
անվտանգութեան պայմանագրութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ներքին գործերու
նախարարները գլխաւորութեամբ ՀԱՊԿ Գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Բորդիւժայի և ՀՀ Ոստիկանապետ
Ալիկ Սարգսեանի։
Հանդիպման ՀՀ Ոստիկանապետը Վեհափառին ներկայացուց ՀԱՊԿ-ի անդամ
պետութիւններու ներքին գործերու նախարարներու երևանյան հաւաքի նպատակը և մանրամասնութիւնները։
Ողջունելով
հիւրերը` Գարեգին Բ.իր օրհնութիւնը տուաւ հաւաքի մասնակիցներուն` յաջողութիւն մաղթելով
ժողովի աշխատանքներուն։ Վեհափառը էական նկատեց համագործակցութիւնը` ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրներու
առջև ծառացած խնդիրներու յաղթահարման գործին մէջ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ
հասարակութեան մէջ բարոյական արժէքներու ամրապնդման անհրաժեշտութեան, ինչ որ մեծապէս
կարևորեց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։