2009-04-17 13:16:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նախագահութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 20-րդ հանդիպումը։ Նիստին կը մասնակցէին պատուիրակութիւններ՝ կազմակերպութեան անդամ 12 երկիրներէ, 9 դէտեր եւ ներկայացուցիչներ գործընկեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ միջազգային կազմակերպութիւններէ։ Հանդիպման օրակարգին վրայ էին Սեւծովեան Շրջանի Երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան խորացման, կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով անդամ-պետութիւններու համագործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ միջազգային տնտեսական տագնապի բացասական հետեւանքներու նուազեցման նպատակով, միացեալ գործողութիւններու ձեռնարկման հետ կապուած հարցերու լայն շրջանակ մը։ Նախարարներու Խորհուրդի նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Մամատ-Կուլիեւին Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութեան յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Միւս կողմէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Սեւծովեան Տնտեսական Համաործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 20-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանը։ Հանդիպման նաեւ մասնակցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Էրթուղրուլ Ափաքան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։ Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։



Իրանահայ Պատգամաւորը Իրանի Խորհրդարանին Մէջ Ելոյթ Կունենայ Ցեղասպանութեան Մասին։

ԹԵՀՐԱՆ-Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15ին, Իսլամական խորհրդարանի դռնբաց նիստին, խորհրդարանական օրակարգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բէգլարեանը, անդրադառնալով իրանահայութեան համար կարեւոր նկատուող երկու խնդիրներու։Բէգլարեան նախ Ակնարկեց Քաղաքացիական օրէնքի 881-րդ կրկնակի յօդուածէն ծագած դժուարութեանց՝ ոչ-մահմէտականներու ժառանգութեան հարցին, որը ոչ միայն սպառնում եւ նուաստացում է Սահմանադրական օրէնքով հաստատուած Աստուածային կրօններու հետեւորդներու մարդկային արժանապատուութեան, այլ ներկայ դրութեամբ կը վնասէ հասարակութեան մեծ թիւով խաւերու քաղաքական ու հասարակական գործակցութեան ու միասնականութեանը։ Երկրորդ կէտի մէջ Ռ. Բէգլարեան խօսելով մարդկային վեհութեան առանցքի մասին՝ նշեց, թէ արժանավայել է Օսմանական Թուրքիայի մէջ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան 94.րդ տարելիցի սեմին, կրկին դատապարտել այդ Ցեղասպանութիւնը ու անոր աղէտները եւ մարդկութեան դէմ այլուր կատարուած ոճրագործութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.