2009-04-16 15:24:53

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին 2009-ի Զատկական պատգամը ուղղուած Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն:


Հռոմի ու երկրագունդի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերով ձեզի ամէնուդ Զատկական բարեմաղթութիւններս կը յայտնեմ. ''Քրիստոսի Յարութիւնը, մեր յոյսն է'' (Օգոստինոս ճառ 261,1)։ Այս հռչակումով, մեծ Եպիսկոպոսը իր հաւատացեալներուն կը բացատրէր թէ Յիսուս Յարութիւն առաւ, որովհետեւ մենք, թէեւ մահուան սահմանուած ենք , չյուսալքուինք, մտաբերելով թէ մահով կեանքը բոլորովին աւարտած է. Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեզի յոյս տալու համար։ Արդարեւ, մարդու կեանքի ամենէն անձկալից հարցումներէն մէկն է, թէ ի՞նչ կայ մահէն ետք։ Այս հարցանշանին, այսօրուան տօնախմբութիւնը կը պատասխանէ՝ թէ վերջին խօսքը մահուան չի պատկանիր , որովհետեւ վերջ ի վերջոյ Կեանքն է որ կը Յաղթանակէ։ Մեր այս ապահովութիւնը չի հիմնուիր մարդկային պարզ տրամաբանութիւններու վրայ, այլ հաւատքի պատմական տուեալներու վրայ. Յիսուս Քրիստոս, խաչեալ ու թաղեալ, Յարութիւն առաւ իր փառաւոր մարմնով։ Յիսուս Յարութիւն առաւ, որպէսզի մենք եւս, Իրեն հաւատալով, Յաւիտենական կեանք ունենանք։ Այս Աւետիսը կեդրոնը կը կազմէ աւետարանական պատգամին։ Այդ` ուժգնօրէն կը հռչակէ Պօղոս առաքեալը. ''եթէ Քրիստոս Յարութիւն չառաւ`մեր քարոզութիւնը ընդունայն է, ընդունայն է նաեւ մեր հաւատքը''։ Եւ կ'աւելցնէ. Եթէ Քրիստոսի վրայ մեր յոյսը , միայն այս կեանքին համար է, մենք բոլոր մարդոց մէջ, ամենէն ողորմելիներն ենք''(1Կոր 15շ14.19)։ Զատկուայ արշալոյսին, յոյսի նոր գարուն մը աշխարհը կը պատէ, այդ օրէն սկսեալ մեր յարութիւնը արդէն սկսած է, որովհետեւ Զատիկը ոչ միայն կ'արձանագրէ պատմութեան մէկ պահը, այլ սկիզբ կու տայ նոր վիճակի մը. Յիսուս Յարութիւն առաւ ոչ թէ որպէզի անոր յիշատակը ողջ մնայ իր աշակերտներուն սրտին մէջ, այլ որպէսզի Ան մեր մէջ ապրի եւ Անով կարող ըլլանք արդէն ճաշակելու ցնծութիւնը Յաւիտենական Կեանքին։ Յարութիւնը ուստի տեսութիւն մը չէ, այլ պատմական իրականութիւն մը յայտնուած՝ Յիսուս Քրիստոս Մարդէն, իր ''Զատկին՝՝ միջոցաւ, անոր անցքը, բացաւ ''նոր ճանապարհ'' մը երկինքի ու երկրի միջեւ (Եբր. 10,20)։ Ոչ առասպել է եւ ոչ ալ երազ, ոչ տեսութիւն մըն է եւ ոչ ալ ցնորք, պատմութիւն մը չէ, այլ եզակի եւ անկրկնելի դէպք մը։ Նազովրեցի Յիսուսը, Մարիամի որդին, որ Աւագ Ուրբաթ օրուայ արեւմուտին, խաչէն վերցուեցաւ եւ գերեզման դրուեցաւ եւ յաղթական թողուց գերեզմանը։ Արդարեւ շաբաթուան առաջին օրը արշալոյսին, Պետրոս եւ Յովհաննէս գերեզմանը թափուր գտան։ Մարիամ Մագթաղենացին եւ միւս կիները հանդիպեցան Յարուցեալ Քրիստոսին, նոյնպէս եւ զինք ճանչցան Էմմաուսի երկու աշակերտները ՜՜հացը կտրելու ժամանակ՝՝. Յարուցեալը երեւեցաւ առաքեալներուն գիշերը Վերանատան մէջ, եւ բազմաթիւ այլ աշակերներուն Գալիլիոյ մէջ։ Տիրոջ Յարութեան Աւետիսը կը լուսաւորէ աշխարհի խաւար մասերը, որու մէջ կ'ապրինք։ Կ'ակնարկեմ մասնաւորապէս նիւթապաշտութեան եւ ոչնչապաշտութեան, աշխարհի այն տեսութեան որ ի վիճակի չէ գերազանցելու այն ինչ որ փորձարկելիօրէն ստուգուած է, եւ անմխիթար կը ներանձնանայ ոչնչութեան զգացումով որ վերջնական նպատակակէտը պիտի ըլլայ մարդկային գոյութեան։ Իրողութիւն է`որ եթէ Քրիստոս Յարութիւն առած չըլլար, ''պարապութիւնը'' գերիշխելու սահմանուած էր։ Եթէ հեռացնենք Քրիստոսը եւ անոր Յարութիւնը, մարդուն համար փախուստ չկայ եւ իր ամէն մէկ յոյսը ցնորք մը պիտի մնայ։ Եւ ճիշտ այսօր ոյժգնութեամբ դուրս կու գայ Տիրոջ Յարութեան Աւետիսը, եւ անիկա պտասխանն է սկեպտիկներու յաճախակի հարցումին, մէջբերուած նաեւ Ժողովող գիրքին մէջ. ՜՜կա՞յ բան մը որու մասին կարելի է ըսել. - Ահաւասիկ, ասիկա նորութիւն մըն է ՝՝ (Ժող.1,10)։Այո, կը պատասխանենք. Զատկուայ առաւօտուն, ամէն բան վերանորոգուեցաւ։ ''Մահն ու կեանքը ճակատեցան հրաշալի մենամարտով. կեանքի Տէրը մեռած էր, սակայն հիմա, ողջ է, յաղթական'' (ժամամուտ)։ Այս է նորութիւնը! Նորութիւն մը որ կը փոխէ գոյութիւնը անոր որ զայն կ'ընդունի, ինչպէս որ պատահեցաւ սուրբերուն։ Այսպէս` օրինակի համար, պատահեցաւ Ս. Պօղոսին։ Շատ անգամներ, Պօղոսեան Տարւոյն ընթացքին, առիթը ունեցանք մտածելու մեծ Առաքեալի փորձարութեան վրայ։ Տարսոնի Սաւուղը, քրիստոնեաներու հալածիչը, Դամասկոսի ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ Յարուցեալ Քրիստոսին եւ Իրմով հմայուեցաւ։Մնացածը մեզի ծանօթ է։ Պօղոսին պատահեցաւ այն ինչ որ հետագային ան պիտի գրէր քրիստոնեաներուն. ''Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, նոր արարած մըն է. հին արարածը անհետացաւ եւ հիմա սկսաւ նորը'' (2Կոր 5,17։ Նայինք այս մեծ աւետարանիչին, որ իր առաքելական ներգործութեան յանդուգն եռանդով, Աւետարանը ճանչցուց այդ ժամանակուայ բազմաթիւ ժողովուրդներուն։ Անոր ուսուցումը եւ օրինակը կը խթանեն մեզ փնտռելու Յիսուս Քրիստոսը։ Մեզ կը քաջալերեն վստահելու Անոր, որովհետեւ ոչինչի իմաստը, որ կը ձգտի թունաւորել մարդկութիւնը, գերազանցուած է լոյսէն եւ յոյսէն որ Յարութենէն կը բխին։ Այլեւս ճշմարիտ են եւ իրական Սաղմոսին խօսքերը. խաւարն իսկ խաւար չէ քեզի համար, եւ գիշերը նման ցերեկին, լուսաւոր է. անոր խաւարը նման է լոյսին (սղ. 138/139,12)։ Այլեւս ՜՜ոչինչը՝՝ չէ որ կը ներփակէ ամէն բան այլ` Աստուծոյ սիրալիր ներկայութիւնը։ Նոյնիսկ մահուան թագաւորութիւնը ազատ դարձաւ, որովհետեւ ''դժոխք''ի մէջ եւս հասաւ կեանքի Բանը, մղուած՝ Սուրբ Հոգւոյն շունչէն։ Թէեւ ճիշտ է որ մահը այլեւս իշխնութիւն չունի մարդու վրայ, սակայն եւ այնպէս տակաւին անոր հետքերը կը մնան իր երբեմնի տիրապետութեան վրայ։Եթէ Զատկուայ միջոցաւ, Քրիստոս արմատախիլ ըրաւ չարը, սակայն ան կարիքն ունի այրերու եւ կիներու, որոնք ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակի մէջ օգնեն Անոր, հաստատելու՝ իր յաղթանակը իր զէնքերու միջոցաւ. ՜՜արդարութեան, ճշմարտութեան, գթութեան, ներումի եւ սիրոյ զէնքերով՝՝։Այս է պատգամը, որ վերջերս Գամերուն եւ Անկոլա կատարած առաքելական ճամբորդութեանս ընթացքին ուզեցի տալ՝ Ափրիկեան բոլոր Ցամաքամասին, որ զիս ընդունեց մեծ խանդավառութեամբ, ցոյց տալով ունկնդրելու մեծ տամադրութիւն։Արդարեւ, Ափրիկէ, մեծապէս կը տառապի անողորմ եւ անվերջանալի ընդհարումներու հետեւանքով, որոնք կը պարակտեն եւ կ'արիւնեն իր ցամաքամասի զանազան Ազգերը։ Մեծ է թիւը անոր զաւակներուն որոնք թիրախ են սովի, աղքատութեան ու հիւանդութեան։Նոյն պատգամը` ոյժգնօրէն պիտի կրկնեմ Սուրբ Երկրին մէջ, որուն այցելելու ուրախութիւնը պիտի ունենամ մի քանի շաբաթէն։ Դժուար եւ սակայն անհրաժեշտ ՜՜հաշտութիւնը՝՝, նախադրեալ` անվատանգ ու խաղաղ համակեցութեան ապագայի մը համար, ՜՜իրականութիւն կրնայ դառնալ՝՝ շնորհիւ վերանորոգ, մշտատեւ ու անկեղծ ջանքերու հրեայ-պաղեստինեան բարդ ընդհարումին։ Ս. Երկրէն ետք հայեացքը պիտի երկարի սահմանակից երկիրներուն, Միջին Արեւելքին ու համայն աշխարհին։ Աշխարհի մը մէջ ուր զգալի է ուտելիքի ընդհանուր պակասը, ֆինանսական խառնակութիւնը, հին եւ նոր աղքատութիւնը, կլիմայի մտահոգիչ փոփոխութիւնները. բռնութեան ու թշուառութեան ծաւալումին հետեւանքով շատեր կը պարտադրուին հեռանալ իրենց մայր հայրենիքէն վերապրումի վայրի մը փնտռտուքով, միշտ աւելի սպառնացող ահաբեկչութեան եւ վաղուան անապահովութեան այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց հարկաւոր է գտնել հեռանկարներ կարող յոյս ներշնչելու այսօրուան մարդկութեանՈչ ոք թող ետ քաշուի այս խաղաղ պատերազմէն որ սկիզբ առաւ Քրիստոսի Զատիկէն, եւ որ կը կրկնեմ, կը փնտռէ այրեր ու կիներ որոնք Անոր կ՝օգնեն հաստատելու իր յաղթանակը իր զէնքերու միջոցաւ. արդարութեան, ճշմարտութեան, գթութեան, ներումի եւ սիրոյ զէնքերով։Քրիստոսի Յարութիւնը, մեր յոյսն է։Եկեղեցին ասիկա կը հռչակէ այսօր. ցնծութեամբ կ'աւետէ յոյսը, որ Աստուած դարձուց հաստատ եւ անյաղթ, Յիսուս Քրիստոսը մահէն յարուցանելով, կը հաղորդէ յոյսը, որ ան կը ներփակէ իր ծոցին մէջ եւ կ'ուզէ բոլորին հետ բաժնել, ամէն վայրի մէջ, եւ մասնաւորապէս հոն` ուր քրիստոնեաները կը հալածուին իրենց հաւատքին համար եւ կը հարստահարուին` վասն արդարութեան ու խաղաղաութեան իրենց մղած յանձնառումին համար., կը հայցէ յոյսը կարող՝ բարիք գործելու ի գին հալածանքի։Այսօր Եկեղեցին կ'երգէ ''օրը որ Տէրը ըրաւ'' եւ ցնծութեան կը հրաւիրէ։ Այսօր Եկեղեցին կ'աղօթէ, կը հայցէ Ս. Կոյս Մարիամէն, Յոյսի Աստղը, որպէսզի առաջնորդէ մարդկութիւնը դէպի փրկութեան ապահով նաւահանգիստը, որ է Քրիստոսի Ս. Սիրտը, Զատկական Զոհը, Գառն Աստուծոյ , որ ''աշխարհը փրկեց'', Անմեղը որ ''հաշտեցուց մեզ՝ մեղաւորներս Հօր Աստուծոյ '' հետ։ Անոր. յաղթող Արքային, Անոր խաչեալ եւ Յարուցեալին, մենք ցնծագին կ'աղաղակենք մեր Ալէլուլիան !








All the contents on this site are copyrighted ©.