2009-04-16 12:39:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԻՔՈԼԱՅ ՊՈՐՏԻՒԺԱՆ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ներքին գործոց նախարարներու Երեւանեան խորհրդակցութեան մասնակիցներու պատուիրակութիւնը եւ Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Նիքոլայ Պորտիւժան։ Կազմակերպութեան ներքին գործոց նախարարներու Երեւանեան խորհրդակցութիւնը առաջինն է որ տեղի կ՝ունենայ։

ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԸ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Օլեքսանտր Քուփչիշինը։ Ողջունելով հիւրը՝ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացումը եւ նշեց, որ մեծ ներուժ կայ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան խորացման համար։ Օլեքսանտր Քուփչիշին ըսաւ, թէ Ուքրանիա շահագրգիռ է Հայաստանի հետ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու զարգացումով։

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԵԱՀԿ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Սերկէյ Քափինոսը։ Հանդիպումին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան վերահաստատեց ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ ստանձնուած բոլոր յանձնառութիւնները՝ անվտանգութեան բոլոր մարզերուն մէջ։ Հանդիպումէն ետք, Ազգային ժողովի նախագահին ներկայութեամբ, Ազգային ժողովին Ոսկեզօծ սրահին մէջ խորհրդարանի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան եւ ԵԱՀԿ-ի Երեւանի Գրասենեակի ղեկավար դեսպան Սերկէյ Քափինոս ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր։

՝՝Էսոշիէյթըտ Փրես՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի կոչ կ'ուղղէ Թուրքիոյ՝ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու։ Փ. Սեմնեպի յայտարարեց, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը կրնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման յանգեցնել եւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման նպաստել։ Ըստ Սեմնեպիի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է եւ շահաւէտ ինչպէս Եւրոպական Միութեան, նոյնպէս ալ ամբողջ աշխարհին համար։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութիւնը յոյսով է, որ կողմերը յաջողին արագ լուծել այդ հարցը։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ։Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Խօսնակ Նէնսի Փելոզի, Քալիֆորնիոյ 8.րդ ընտրաշրջանի իր համակիրներուն յղած Երեքշաբթի, Ապրիլ 14 թուակիր նամակի մը մէջ կը շեշտէ, թէ Մարտ 17ին Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին (թիւ 252) նեցուկ կը կանգնի, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեանց կողմէ տեղի ունեցած տեղահանութիւններուն եւ կազմակերպուած ոճիրներուն հետեւանքով սպաննուած աւելի քան 1.5 միլիոն հայերը զոհ գացած էին հսկայական անարդարութեան մը, որ պէտք է պաշտօնապէս ճանչցուի իբրեւ Ցեղասպանութիւն։Տիկին Փելոզի կը գրէ, թէ պատմական արձանագրութիւններն ու ականատեսներու վկայութիւնները ցոց կու տան, թէ Ցեղասպանութիւնը կեդրոնական իշխանութեանց կողմէ կազմակերպուած էր եւ իրականացուած էր 1915-1923ի միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.