2009-04-15 13:11:30

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ ՊՈԼՍՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։


Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը Կիրակի օրը,12 Ապրիլին, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւններով լեցուց Պոլսոյ Եկեղեցիները։ Պոլսահայ հաւատացեալները տօնական կրկին խանդավառութեամբ փութացին եկեղեցիներ ու իրենց ձայնը միացուցին ՝՝Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի՝՝ Աետիսին։ Պոլսոյ Շիշլի թաղի հայ բնակչութեան կողմէ յատկապէս սիրուած ազնիւ քաղաքապետը Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ օգնականը Վազգէն Պարըն, այցելեցին ֆԷրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին, ուր անոնք դիմաւորուեցան մեծ ոգեւորութեամբ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցի այցելեց նաեւ Պոլսոյ Կղզիներու նորընտիր քաղաքապետը Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլու։ Երկու քաղաքապետները հետեւեցան կրօնական արարողութեան, ապա շնորհաւորեցին հոն հաւաքուած պոլսահայերու Ս. Յարութեան Տօնը։ Քաղաքապետ Սարըկիւլ ապա Վազգէն Պարընի հետ միասին այցելեց նաեւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ հոն ալ միջոց մը հետեւեցաւ արարողութեան ու շնորհաւորեց ներկաներուն տօնը։ Իսկ Պաքըրիւղ թաղի վերընտրեալ քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն նոյնպէս հայ համայնքին հետ եղաւ ու այցելեց Պաքըրիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի ու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները, ուր կրօնական արարողութեան աւարտին մասնակցեցաւ պատշաճ ընդունելութեան մը։ Այն ինչ կը հայի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ ՝՝Պէզճեան Ամիրա՝՝ սրահին մէջ սարքուեցաւ Ս. Զատկուան Տօնին առիթով պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Շահան եւ Արամ Սրբազաններուն կողքին, տեղ գրաւեցին նաեւ Ասորից եպիսկոպոսը, Թաթուլ եւ Զաքէոս Ծ. վարդապետները, հոգեւորական դասը եւ ուրիշներ։ Ներկայ էին Պէյօղլուի, Կղզիներու եւ Շիշլիի քաղաքապետները, համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներ, Թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ այլ գործիչներ։Շահան Սրբազան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը, ապա Արամ Սրբազան բարեմաղթանքներ յայտնեց քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն տօնին՝ Ս. Զատկուան Տօնի առիթով եւ նշեց, թէ ՝՝այսպիսի կրօնական տօներ լաւագոյն առիթը կը հանդիսանան կրօնքներու միջեւ եղբայրական կամուրջ հաստատելու ուղղութեամբ՝՝ £

 








All the contents on this site are copyrighted ©.