2009-04-15 13:11:11

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 15 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդին՝՝ վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մեր այսօրուան հանդիպումը դրոշմուած է հոգեւոր ցնծութեամբ, որ մեզի կու գայ այն երաշխիքով որ ՜՜Քրիստոս, իր Մահով ու Յարութեամբ, վերջնականապէս յաղթեց չարին ու մահուան՝՝։ Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի, այսպէս կ'երգէ տօնական եկեղեցին։ Արդարեւ հիմնական է մեր հաւատքի ու քրիստոնէական վկայութեան համար, հռչակել Նազովրեցի Յիսուսի Յարութիւնը, որպէս ճշմարիտ, պատմական դէպք մը, փաստուած բազմաթիւ հեղինակաւոր վկաներէն։

Յարութիւնը Յիսուսի համար, չեղաւ լոկ ՜՜վերադարձ՝՝ մը մեր նախկին՝ երկրաւոր կեանքին, այլ եղաւ ՜՜անցք՝՝ մը նոր կեանքի մը, որ մեզ կը հետաքրքրէ ու կը հետաքրքրէ համայն մարդկային ցեղը, պատմութիւնն ու տիեզերքը։ Այսպէսով Ս. Օգոստինոսի հետ կրնանք երգել. ՜՜Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յոյսն է՝՝։ Արդարեւ՝ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Քրիստոսի Յարութիւնը հիմն է մեր յոյսին եւ կը լուսաւորէ մեր երկրաւոր ուխտագնացութիւնը, ներառեալ մարդկային տառապանքի ու մահուան խորհուրդը։ Հաւատքը, Խաչեցեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ, կեդրոնը կը կազմէ Աւետարանի քարոզութեան, մեր հաւատամքին։ Լուսաւորուինք Յարուցեալ Քրիստոսի փայլքով։ Հաւատքով եւ ուրախութեամբ ընդունինք իր Աւետարանը, ինչպէս ըրին ՜՜Անոր Յարութեան վկաները՝՝։ Այդ Աւետիսին ճշմարտութիւնը որ կը բարեփոխէ կեանքը պէտք չէ պահենք միայն մեզի, ան պէտք չէ մնայ միայն մեզի, այլ փոխանցենք բոլորին։ Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնացնենք Ը. դարու մեծ առաքեալի՝ Ս. Պոնիֆաչէի վրայ, որ նաեւ կը կոչուի առաքեալը գերմանացիներուն։ Ան ծնած էր Անգլիա ։ Երիտասարդ տարիքին՝ ան Պենետիկտեաններու վանքը կը մտնէ եւ 30 տարեկանին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ 716 թուին խումբ մը կրօնաւորներու հետ կը մեկնի նախ Հոլլանտա եւ ապա Հռոմ, ուր Գրիգոր Բ. Քահանայապետէն կ՛ընդունի պաշտօնը Աւետարանը քարոզելու՝ ՜՜Գերման ժողովուրդին՝՝։ Հոն` Պոնիֆաչէ անխոնջ նուիրումով կ՝աշխատի Աւետարանի դատին համար, իր ամբողջ կարողութիւնները ի յայտ դնելով։ Իր առաքելական աշխատանքը տարածուեցաւ մինչեւ Գաղիա։ Գերմանիոյ եկեղեցական նուիրապետութիւնը կազմակերպեց եւ միաժամանակ հիմնեց վանքեր, սահմանուած՝ դառնալու ՜՜կեդրոնը հաւատքի ու մշակոյթի՝՝։ Պոնիֆաչէ 80 տարեկանին վերսկսաւ Հոլլանտայի աւետարանութեան ծրագիրը, եւ հոն նահատակուեցաւ 754-ին։

Ս. Պոնիֆաչէի հաւատքի վկայութիւնը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը քաջալերէ մեզ ապրելու՝ Աստուծոյ խօսքին համաձայն եւ ջերմօրէն սիրելու Եկեղեցին ու անոր միութիւնը Պետրոսի յաջորդին հովանիին ներքեւ եւ զարգացնել մարդը շնորհիւ քրիստոնէական հաւատքի լոյսին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Զատկական այս շրջանը ըլլայ առանձնշնորհեալ առիթ մը խորացնելու մեր հաւատքը Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ, որպէսզի մեր կարգին դառնանք հարազատ վկաները մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Թող Յարուցեալը ըլլայ ձեր խաղաղութիւնն եւ ուրախութիւնը ըսաւ Սրբզ. Պապը եզրափակեով իր խօսքը ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ լուսաւորուին Յարուցեալ Քրիստոսով որպէսզի կարենան փորձարկել կեանքի ուրախութիւնը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը

Իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ-ին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.