2009-04-14 13:24:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մայիսին սկիզբը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ապրուցոյի երկրաշարժի աղէտեալներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մայիսին սկիզբը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ապրուցոյի երկրաշարժի աղէտեալներուն։

Աքուիլայի առաջնորդ՝ գերպ. Մոլինարիի գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը, մտադիր է հայրական այցելութիւն կատարել Ապրուցոյի երկրաշարժի աղետեալներուն, մինչ այդ Նորին Սրբութիւնը մօտէն կը հետեւի անոնց ողբերգութեան։ Սրբազան Քահայանապետը, Զատկուայ տօնին, 500 զատկական հաւկիթ ուղարկած է փոքրերուն իսկ Ապրուցոյի Եկեղեցւոյ ուղարկած է նիւթական օժանդակութիւն, պատարագի համար Սկիհներ եւ Զգեստներ։ Գերապայծառ Մոլինարի խորապէս երախտապարտ է Սրբազան Հօր այս հոգատարութեան համար։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ նոյեմբեր 8-ին պիտի այցելէ Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքը մեծարելու յիշատակը երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետին։

Այդ այցելութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր չորրորդ այցելութիւնը կատարած կ'ըլլայ Իտալիոյ քաղաքներուն։

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետը 1963-1978 ծնած էր Իտալիոյ հիւսիսը` Պրեշիայի Գոնչեզիօ գիւղը։ Նորին Սրբութիւնը իր այս հովուական այցելութեան ընթացքին բացումը պիտի կատարէ ՜՜Պօղոս Զ.՝՝ի անուան հաստատութեան կեդրոնին, յայտնած է Պրեշիայի առաջնորդը գերապայծառ Լուչիանօ Մոնարի։

Նախապէս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի այցելէ ՜՜Մոնդէգասինօ՝՝ Պենետիկտեան աբբայարանը Մայիս 24ին, Սուրբ ՜՜Բատրէ Բիօ՝՝ ի սրբավայրը Յունիս 21ին եւ Սեպտեմբեր 6-ին ՜՜Վիթերպօ՝՝ գիւղաքաղաքը, ծննդավայրը՝ սուրբ Պոնավենդուրայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.