2009-04-14 13:26:03

Յարութիւն Ծ.Վ.Թէքէեանի սպաներէն-հայերէն բարեփոխուած բառարանի շնորահանդէսը Պուէնոս Այրէսի մէջ։


Յարութիւն Ծ.Վ.Թէքէեանի սպաներէն-հայերէն բարեփոխուած բառարանի շնորահանդէսը Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Պուէնոս Այրէս - հայ կաթողիկէ Նարեկի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ողբ. Փասքուալ Ծ.վրդ. Թէքէեանի սպաներէն-հայերէն բարեփոխուած բառարանի շնորահանդէսը, ներկայութեամբ մեծ թիւով ունկնդիրներու, գլխաւորութեամբ՝ Արժանթինի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Վլատիմիր Կարմիրշալեանի՝ ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ, արժանթինի հայոց առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի եւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Վարդան եպս. Պօղոսեանի։ Նախքան յայտագրի գործադրութիւնը, հանդիսավար Օննիկ Եորղանճեան հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը նորոգ հանգուցեալ տոքթ. Ռաուլ Ալֆոնսինի, որ եղաւ զինուորական մենատիրութենէն դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցուող իշխանութեան առաջին ընտրեալ նախագահը եւ որուն մահը առիթ եղաւ համաժողովրդական սուգի, յարգանքի ու յուզումի ծաւալումին ամբողջ երկրի մէջ։

Այնուհեետւ յաջորդաբար խօսք առին Հ. Պօղոս վրդ. Հեքիմեան ժողովրդապետ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Պուէնոս Քաղաքի կառավարական կարեւոր պաշտօնատար տիկ. Անտրէա Մախեան Կոստանեան։

Հ. Պօղոս հանգամանօրէն կանգ առաւ հանգուցեալ Փասքուալ վարդապետի կողմէ պատրաստուած զոյգ բառարաններուն ունեցած կարեւորութեան, սպաներէն-հայրեէն բառարանը լոյս տեսած է 1955-ին, իսկ հայերէն-սպաներէնը՝ 1984-ին, առաջինը տպագրուած՝ Պէյրութի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Պուէնոս Այրէս, պրն. Խոսէ Ագեանի արդիական տպարանի մէջ։

Աւարտած ըլլալով սպաներէն-հայերէն բառարանը, հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը հարկ տեսած է վերահրատարակել զայն, բայց արդիականացնելով եւ բարեփոխելով զայն։ Այս նպատակով կազմուած է մասնաւոր յանձնախումբ մը։ Հրատարակութեան հոգը ստանձնած են Ճրճրեան որդիք՝ ի յարգանս իրենց ծնողներուն՝ տէր եւ տիկ. Կարօ Ճրճրեաններու, Լոս Անճելըսէն. այդ գծով մեծ դեր ունեցած է պրն. Լուիս Սանճեան, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան նախկին նախագահը։ Հ. Պօղոս յիշեց նաեւ այն սկզբունքները, որոնցմով առաջնորդուած է բառարանի վերափոխութեան յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմէին տիկիններ՝ Տիանա Տէր Կարապետեան, Ռոսիթա Եուսէֆեան, Ֆլորա Աշէհիրլեան, եւ տիարք. Պետրոս Հաճեան ու Զաւէն Կնեազեան։

Տիկ. Անտրէա Կոստանեան, նախկին սանուհի Մխիթարեան վարժարանի եւ ներկայիս բաձրաստիճան պաշտօնատար Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան մէջ, անդրադարձաւ հայերէն ուսուցանելու եւ սորվելու կապուած խնդիներուն, եւ սոյն բառարանին ունեցած եւ ունենալիք խիստ օգտակար դերակատարութեան եւ շնորհաւորեց այս նախաձեռնութիւնը։

Մխիթարեան վարժարանի Ալագեազ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Անտի Ստեփանեանի, մեկնաբանեց շարք մը հայերէն եւ դասական երգեր։

Բեմ հրաւիրուելով՝ յանձնախումբի անդամները իւրաքանչիւրը շատ կարճ

խօսքով մեկնաբանեց իր փորձառութիւնն ու տեսակէտը բառարանի կազմութեան, բովանդակութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն եւ աշխատանքային բնոյթի այլ հարցերու մասին։ Այնուհետեւ տիկ. Ռոսիթա Եուսէֆեան լուսապատկերներով ներկայացուց հետաքրքրական պատմական ակնարկ հայ գիրերու ստեղծման, հայ լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման մասին։

Բառարանի հրատարակման եւ յանձնախումբի գնահատելի աշխատանքին մասին՝ տեսաերիզով փոխանցուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամեն. եւ Գերեջ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքի գնահատանքի եւ արժեւորումի խօսքը։

Հուսկ՝ Արհի Վարդան եպս. Պօղոսեան հայ կաթողիկէ առաջնորդը խօսք առաւ. ան նախ շնորհաւորեց բառարանի հրատարակման եւ յանձնախումբին նուիրեալ աշխատանքը, եւ այնուհետեւ անդամները բեմ հրաւիրելով, իւրաքանչիւրին յանձնեց Սրբազան Պապի Օրհնութեան կոնդակ մը։

Պաշտօնական բաժինէն վերջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.