2009-04-14 11:01:55

Արամ Ա.Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան պատգամը


Արամ Ա.Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան պատգամը

''Յարութիւնը Քրիստոսի՝ երաշխիքը մարդու փրկութեան''։



Իր մարդեղութեամբ, խաչելութեամբ ու յարութեամբ՝ Աստուծոյ Որդին աշխարհին առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան։ Այլ խօսքով՝ մարդու փրկութիւնը դարձաւ իրականութիւն Քրիստոսի մարդեղացումով դարձաւ կարելիութիւն՝ Քրիստոսի յարութեամբ։ Աստուածային ի՜նչ մեծ պատիւ ու պարտաւորութիւն՝ տրուած մարդուն։

Քրիստոնեան Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած փրկութեան գերագոյն պարգեւին ուրախութիւնը ապրող անձն է։ Քրիստոնեան Քրիստոսով հունաւորուած փրկութեան ճամբէն հաւատարմօրէն քալելու կոչուած մարդն է։ Ահա թէ ինչու փրկութեան ճամբէն հեռանալու վտանգին մէջ գտնուող եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ զանոնք ըսելով՝ Չըլլայ, որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք։

Փրկութիւնը սիրտը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին առանցքը՝ քրիստոնէական մտածողութեան նպատակը՝ քրիստոնէական կեանքին։ Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը մարդը դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբայ մըն է։

Դարեր շարունակ աշխարհ փնտռեց այս ճամբան զանազան միջոցներով։ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդին ինքզինք ներկայացուց իբրեւ փրկիչը աշխարհին եւ ճանապարհը դէպի փրկութիւն առաջնորդող։ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութիւնը իրագործեց ա՛յս յանձնառութեամբ։

Ի՞նչ է փրկութիւնը։ Փրկութիւնը մերժումն է մարդակեդրոն կեանքի ու ճանաչումը Աստուծոյ՝ իբրեւ մեկնակէտը եւ նպատակակէտը մարդու գոյութեան։ Փրկութիւնը մարդուն հեռացումն է երկրաւոր արժէքներէ ու արժեչափերէ եւ դարձը երկնային արժէքներու ու ճշմարտութիւններու։ Փրկութիւնը աստուածային դրախտէն վտարուած մարդուն վերադարձն է դէպի Աստուած՝ աստուածային պատկերին վերականգնումով։

Մեղաւոր մարդուն առջեւ փրկութեան ճանապարհը բացաւ Աստուծոյ Որդին իր արեան հեղումով եւ իր յարութեան յաղթանակով։ Փրկութեան ճանապարհին մէջ ըլլալ կը նշանակէ՝

- Հաւատալ Քրիստոսի՝ ընդունելով զինք իբրեւ խարիսխը մեր կեանքին ու նպատակը մեր երկրաւոր գոյութեան։

- Հետեւիլ Քրիստոսի՝ իբրեւ մեր միակ Փրկիչը։ Չմոռնանք երբեք, որ Քրիստոսի միջոցով է, որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան։

- Դառնալ նոր արարած՝ հաւատքի ճամբով մասնակից դառնալով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ յարութեան։ Քրիստոսով հին Ադամը դարձաւ նոր Ադամ մեղքի տիղմին մէջ խրած մարդը վերածնաւ, վերամարդացաւ։ Քրիստոս մեզ հաշտեցուց իր երկնաւոր Հօր հետ՝ մեզ դարձնելով Աստուծոյ որդեգիր զաւակը Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է այլեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նախապէս։

- Ըլլալ Աստուծոյ գործակից, որովհետեւ Քրիստոս ինք մեզ Աստուծոյ գործակիցը դարձուց։

Քրիստոսի յարութիւնը յիշեցում մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման, թէ՝ արդեօք փրկութեան ճամբուն մէ՞ջն ենք որքանո՞վ հաւատարմութեամբ կը քալենք այդ ճամբէն։

Քրիստոսի յարութիւնը նաեւ հրաւէր մըն է մեր բոլորին՝ մօտենալու փրկութեան ճանապարհին, եթէ հեռու ենք անկէ մեր կեանքին որակը փոխելու, եթէ ան չի համապատասխաներ փրկութեան ճամբու օրէնքներուն։

Թող ո՛չ ոք պարծենայ, թէ՝ փրկուած է։ Ամէնէն անմեղները նոյնիսկ միշտ պիտի մեղանչեն՝ գիտակցօրէն թէ անգիտակցաբար։ Էականը ապաշխարութեամբ վերադարձն է փրկութեան ճանապարհին՝ անառակ որդիին նման։

Թող ո՛չ ոք ըսէ, թէ՝ փրկութեան ճանապարհի աւարտին հասած է արդէն։ Առաքեալը կ'ըսէ, թէ փրկութիւնը պիտի տրուի մեզի, երբ Քրիստոս դարձեա՛լ յայտնուի ժամանակի վախճանին։

Հետեւաբար, քրիստոնեան պէտք չէ յուսահատի, այլ միշտ յուսայ՝ հաւատալով պէտք չէ սոսկ սպասէ, այլ գործէ՝ հաւատալով ու յուսալով, եւ մանաւանդ Աւետարանի արժէքները եւ ճշմարտութիւնները ապրելով՝ փրկութեան օրուան հասնելու։

Արամ Վեհափառը իր զատկական պագամը եզրափակեց ողջունելով Հայաստանի եկեղեցական ու պետեական աւագանիները ու ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։ Կը հայցենք յարուցեալ Փրկիչէն, որ դէպի փրկութեան ճանապարհը ուղղէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.