2009-04-13 13:26:44

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Վէնէզուէլայի Եպիսկոպոսներու Սուրբ Շաբթուայ Պատգամը։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

ՔԱՐԱՔԱՍ։ Վէնէզուէլայի Եպիսկոպոսներու Սուրբ Շաբթուայ Պատգամը։ Սուրբ Շաբթուայ սկիզբը Վէնէզուէլայի Եպիսկոպոսները հրատարակեցին ՝՝ հոգեւոր ու ազգային հաշտութեան ՝՝ իրենց պատգամը։ Հոգիի վերանորոգումի ծիսական այս արտակարգ շրջանը (կը գրեն եպիսկոպոսները) մեզ կը հրաւիրէ բաժնեկցելու քրիստոնէութեան հիմնական արժէքները կերտելու համար համակեցութիւնը Երկրին բոլոր բնակիչներու միջեւ։ Հաւատարիմ հովուական մեր առաքելութեան(կը գրեն Վէնէուզէլլայի Եպիսկոպոսները) կը հրաւիրենք այլ կրօնքներու հաւատացեալները ու նաեւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկը բաժնեկցելու կաթողիկէներու հետ միասին կարգ մը խորհրդածութիւններ որոնք կը հային Ազգին գտնուասծ ներկայ կացութեան եւ որոնք բացայայտօրէն կը հակասեն կաթողիկէ ժողովուրդ մը ըլլալու ՝՝սահմանումին՝՝։Եպիսկոպոսները ի մասնաւորի իրենց մեծ մտահոգութիւնը կ՝արտայայտեն ՝՝բռնութեանց ու անապահովութեան տարածումին ի տես երկրէն ներս,որ կը պատճառէ անմեղ արեան հեղում ,ապա չարագործութիւն,առեւանգողներ,վարձուած ոճրագործներ,թմրեցուցիչի վաճառականներ,մաքսանենգեր՝՝ որոնք բոլորը կը գործեն անպատիժ։ Նման հարստահարութիւններ ծանր նախատինքներ են որոնք կը դրժեն քաղաքացիներու հիմնական իրաւունքները(կը գրեն Վէնէզուէլայի Եպիսկոպոսները)միաժամանակ հրաւիրելով կաթողիկէները գործօն կերպով մասնակցելու Սուրբ Շաբթուայ Ծիսակատարութիւններուն։ Վէնէզուէլլայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասը Տիրամօր բարեխօսութեան կը յանձնէ Երկիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.