Հայազգի բեմադիր Տոն Ասկարեանի Արարատ՝ 14 տեսակ ժապաւէնին' անդրանիկ ցուցադրութիւնը
Գերմանիոյ մէջ։
Երեքշաբթի 14 ապրիլ 2009-ին հեռատեսիլի 3 սաթ եւրոպական
ալիքով տեղի պիտի ունենայ Արարատ՝ 14 տեսակ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը։ 2007
թուականին նկարահանուած այս ֆիլմին նիւթը հիմնուած է Իվան Պունինի եւ Ալեքսանտր Տելֆինովի
պատմուածքներուն վրայ։ Ժապաւէնի բեմադրիչն է հայազգի Տոն Ասկարեան: Ան այս ժապաւէնը
ստեղծած է հինգ տարուան ընթացքին։ Անիկա կը պատմէ գողերու կեանքի մասին, որոնք հազուագիւտ
հին մետալէ դրամներ կը գողնան եւ կը յաջողին անցնիլ սահմանը։ Ի Դէպ հայազգի բեմադիր
Տոն Ասկարեան ծնած է Հայաստան եւ 1977 թուականին գաղթելով Պերլին՝ 30 տարիներու ընթացքին
դարձած է բազմաթիւ ժապաւէններու հեղինակ, որոնց համար պարգեւատրուած է միջազգային փառատօներու
ընթացքին։