2009-04-11 11:19:51

Լուրեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն


 Հնչակեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը

Լիբանան - Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը շաբաթասկիզբը ընդունեց Հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ՝ Մարտիկ Ժամկոչեան, երեսփոխանական ընտրութիւններու Պէյրութ Բ ընտրաշրջանի թեկնածու՝ պրն Սեպուհ Գալփաքեան եւ կուսակցութեան փոխ ատենապետ Յովհաննէս Ուղուրլեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Վարդան եպս Աշգարեան։

Այցելութեան նպատակն էր Ամեն Հոգեւոր Տիրոջ յայտնել Հնչակեան կուսակցութեան քաղաքական տեսակէտը իբրեւ Ապագայ հոսանքի դաշնակից կուսակցութիւն, որդեգրելով ներկայիս երեսփոխան՝ մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանը որպէս Հայ Կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Պէյրութ Ա ընտրաշրջանին մէջ իսկ Սեպուհ Գալփաքեան որպէս Հայ Առաքելական աթոռի թեկնածու Պէյրութ Բ ընտրաշրջանին մէջ։

Իր կարգին Ամեն Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ Հայ թեկնածուները իրենց տաբեր քաղաքկան սկզբունքներով հանդերձ, պէտք է վեր առնեն Լիբանանահայ գաղութի շահերը եւ միասնաբար գործեն լիբանանհայութեան բարիքի եւ բարգաւաճման ի նպաստ։ Այս կապակցութեամբ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց միացեալ ճիգերով գործելու եւ միասնաբար հանդէս գալու կարեւորութիւնը։

Հանդիպման աւարտին Ամեն Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց իր հիւրերուն։



Ս. Զատկուայ Հայրապետական Պատարագ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Յարութեան Տօնին առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, Կիրակի 12 Ապրիլ 2009 առաւօտեան ժամը 10.00ին։

Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Պատրրիարքարան. հետեւեալ օրերուն՝

- Կիրակի 12 Ապրիլ 2009 ժամը 1200էն- 1330 եւ 1630էն- 1900։

- Երկուշաբթի 13 Ապրիլ 2009 ժամը 1100էն- 1300 եւ 1630էն- 1900։



Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում Պլոքի Պէյրութ Ա. Ընտրաշրջանի Թեկնածուները Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Լիբանան - Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում պլոքի Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուները՝ փոխ

վարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա, Մասուուտ Աշքար, Նիքոլա Սահնաուի, Վրէժ Սապունճեան եւ Կրէկուար Գալուստ այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ պատրիարքական փոխանորդ՝ Արհի Վարդան եպսԱշգարեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ քաքաղաքկանութիւնը առաքելութիւն է ժողովուրդը ծառայելու եւ հետեւաբար պէտք չէ դառնայ հատուածներու միջեւ պայքարի եւ պառակտումներու պատճառ։ Մեկնելով քրիստոնէական բարոյական արժէքներէն աւելցուց Հոգեւոր Տէրը, քրիստոնեայ համայնքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին պէտք է միասնականացնէ իր շարքերը եւ քրիստոնեաներուն միջեւ տիրէ գործակցութեան ոգին, հակառակ քաղաքական տեսակէտներուն մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ տարբերութիւններու։

Իր կարգին փոխ վարչապետը Ամեն Հոգեւոր Տիրոջ յայտնեց Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի քաղաքական սկզբունքները, փոխանցելով անոր Ս. Զատկուան բարեմաղթանքները։

Հանդիպումի աւարտին Ամեն Հոգեւոր Տէրը իր հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը մաղթելով բոլորին յաջողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.