2009-04-10 14:14:09

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի պատգամը աւագ Հինգշաբթի օրուան առթիւ, արտասանուած Պէյրութի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։


Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր՝ Աւագ Հինգշաբթի օրը, վերջ կ'առնէ Աւագ Շաբթուայ պահքը՝ Ոտնլուայի արարողութեամբ։ Այս սուրբ Պատարագով կը սկսի Զատկուայ Եռօրեան, որ կը պսակուի Ս. Յարութեան երեկոյեան ժամերգութեամբ։ Պատարագէն ետք, Ս. Հաղորդութիւնը կը դրուի յատուկէն պատրաստուած հանգստարանի տապանակին մէջ։ Այս աւանդութիւնը կը համապատասխանէ հինաւուրց ժողովրդային բարեպաշտութեան, որ կը հրաւիրէ հաւատացեալները լռակեաց եւ երկարատեւ երկրպագութիւն ընելու ամենասուրբ Հաղորդութեան առջեւ։

Ս. Յովհաննէս աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս խոնարհաբար լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, որպէսզի զիրենք արժանի ընէ մասնակցելու իր վերջին ընթրիքին։ Հրէական մաքրութեան արարողութեան տեղ՝ որ մարդը արտաքինէն միայն կը մաքրէր եւ ոչ հոգին, Յիսուս լուացումին նոր իմաստ կու տայ եւ առաքեալներուն հոգին կը մաքրէ իր խօսքովը եւ իր աստուածային սիրովը։ Իրենց կ'ըսէ. Դուք արդէն մաքուր էք, խօսքին համար զոր ձեզի խօսեցայ։

Յիսուս կը փափաքի մեզ ալ մաքրել, եւ ամէն ատեն, իր աստուածային խօսքովը։

Այո՛, եթէ վարժութիւն ընենք ամէն օր կարդալու Ս. Աւետարանը եւ անոր խօսքերը ընդունելու՝ հաւատքի հոգիով եւ աղօթքի տրամադրութեամբ, այս խօսքերը կարողութիւն ունին մեր հոգին մաքրելու, եւ եթէ հարկ է՝ մեզ առաջնորդելու Ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդին։ Որովհետեւ, ամէն օր մենք կ'աղտոտենք մեր հոգին պարապ խօսքերով, յանդուգն դատողութիւններով եւ սուտեր պատմելով։ Այս յանցանքները կը թափանցեն ինքնաբերաբար մեր ներքին կեանքը եւ կ'արատաւորեն մեր հոգին։ Անոնք մեզ անկարող կը դարձնեն բարիք ընելու եւ ուրիշներուն ներելու, եւ մեզ անձնասիրութեան եւ հպարտութեան կը տանին։ Բայց երբ Յիսուսի խօսքերը հաւատքով ընդունինք, անոնք մեր հոգին կը մաքրեն եւ մեզ արժանի կը դարձնեն մասնակցելու Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին։

Աւետարանին մէջ կը կարդանք որ Յիսուսի խոցուած կողէն հոսեցան արիւն եւ ջուր ։ Ուստի, Յիսուս ոչ միայն խօսեցաւ, այլ նաեւ ինքզինք ընծայեց մինչեւ վերջ, մինչեւ Խաչին մահը։ Յիսուսին խօսքը ուրեմն պարզ խօսք մը չէ, այլ կեանք է հաւատացեալներուն համար։ Ջուրը՝ մկրտութեան խորհրդանիշն է, իսկ արիւնը՝ Ս. Հաղորդութեան խորհրդանիշը։

Ոտնլուայի աւետարանը երկու հանգրուաններ կը պարունակէ։ Առաջին հերթին, Յիսուս կը կատարէ Ոտնլուայի պաշտօնը, որ ըստ ինքեան ծառաներուն վիճակուած գործն էր։ Երկրորդ՝ Յիսուս յատուկէն մեզմէ կը խնդրէ որ մենք նոյնը ընենք։ Ուստի, Յիսուսին ըրածը մեզի օրինակ պէտք է դառնայ, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, ուրիշներուն ոտքերը լուանք, այսինքն՝ մենք զմեզ տրամադրենք խոնարհ գործերու եւ ուրիշներուն ծառայելու, բոլորին, եւ ոչ միայն մեզի հաճելի անձերուն։ Յիսուս կ'ըսէ. Կը հասկնա՞ք ինչ որ ըրի ձեզի։ Վարդապետ եւ Տէր կը կոչէք զիս եւ լաւ կ'ընէք, որովհետեւ այդպէս ալ եմ։ Ուրեմն եթէ ես Տէրս եւ Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ։ Օրինակ մը տուի ձեզի, որ ինչ որ ես ըրի ձեզի՝ դուք ալ նոյնը ընէք իրարու։

Այս ընելով, մենք Աստուծոյ բարութեան դիմաց որ, ամէն ատեն եւ առանց պայմանի, մեզի իր ներումը կը շնորհէ, կրաւորական դիրք բռնած չենք ըլլար։ Յիսուս մեզի շնորհք կ'ընէ իրեն նմանելու, իր աշակերտները ըլլալու։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ նոր կեանք մը ապրելու, Աստուծոյ վրայ վստահած եւ ո՛չ թէ մեր տկար ուժերուն վրայ։ Այս հոգիով պէտք է հասկնալ Յիսուսին խօսքը առաքեալներուն՝ Ոտնլուայէն ետք, երբ անոնց պատուիրեց. Նոր Պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէ՛ք զիրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք։ Նոր պատուիրանը անկարելի բան մը չէ։ Նոր պատուիրանը կը նշանակէ սիրել եւ ապրիլ Յիսուսին հետ եւ Յիսուսին պէս, անշուշտ Յիսուսի տուած շնորհքներովը։ Այսպէս ապրեցան այն քրիստոնեաները, որ յետագային սուրբ հռչակուեցան։ Ուստի, նորութիւնը կը կայանայ Յիսուսի մտայնութիւնը որդեգրելուն մէջ։ Սակայն, կը նշմարենք որ մենք տակաւին հեռու ենք այս հոգիէն եւ հետեւաբար մեր քրիստոնէի դիմագիծը՝ հաւատալի չենք դարձներ ուրիշներուն առջեւ։ Հարազատ քրիստոնէի կեանքը ապրելու համար, սիրելիներ, ջերմօրէն աղօթե՛նք եւ ամէն օր հրահանգուի՛նք, որպէսզի Յիսուսի շնորհքը մեզի օգնէ նոր պատուիրանը ապրելու։

Ոտնլուայի աւետարանին մէջ երկխօսութիւն մը տեղի կ'ունենայ Յիսուսի եւ Պետրոս առաքեալի միջեւ։ Պետրոս չի հասկնար թէ ինչպէս կ'ըլլայ, որ իր վարդապետը՝ Յիսուս, իր ոտքերը լուայ, եւ կը ջանայ արգիլել, ըսելով. ՜՜Ո՛չ, երբեք իմ ոտքերս պիտի չլուաս՝՝ ։ Պետրոս դեռ չէր հասկցած որ մեծութեան գաղափարը Աստուծոյ մօտ՝ բոլորովին տարբեր է մեր մեծութեան գաղափարէն։ Աստուծոյ մօտ, մեծութիւնը կը կայանայ խոնարհութեան մէջ, ծառայութեան մէջ եւ կատարեալ սիրոյ մէջ։ Մենք ալ, Պետրոսի նման եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներու նման, պէտք ունինք սորվելու այս տեսակ մեծութիւնը եւ զայն ապրելու մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին։ Մենք ալ, Պետրոսին պէս, պիտի փափաքէինք տեսնել զօրաւոր Յիսուս մը եւ ո՛չ խոնարհ եւ չարչարուած Յիսուս մը։ Մենք տակաւին պատրաստ չենք ընդունելու Յիսուս մը որպէս ոչխար, որ կը տարուի սպանդի, այլ ընդհակառակը՝ պիտի ուզէինք Յիսուս մը որպէս կարող հովիւ , որ մեզ տանի դէպի ապահով արօտավայրերը եւ որ մեզ պաշտպանէ ամէն տեսակ նեղութենէ եւ ցաւէ։ Բայց, այս չէ Յիսուսին ըրածը եւ սորվեցուցածը։

Երբ Յիսուս կ'ըսէ Պետրոսին որ առանց իր ոտքերը լուալու բաժին պիտի չունենայ իրեն հետ, Պետրոս անմիջապէս կը խնդրէ Յիսուսէն որ լուայ նաեւ իր ձեռքերը եւ գլուխը։ Իբր պատասխան Պետրոսին, Յիսուս կ'ըսէ սա խորհրդաւոր խօսքը. ՜՜Ո՛վ որ լուացուած է, պէտք չունի մաքրուելու՝՝։ Այս խօսքով, Ս. Յովհաննէս կ'ուզէ ակնարկել Մկրտութեան խորհուրդի, որ երբեք չի կրկնուիր եւ որ մեր կեանքը հիմնովին պէտք է փոխէ։

Եթէ այդպէս է, այն ատեն ինչո՞ւ համար ոտքերու լուացումը եւ Ս. Ապաշխարութեան խորհուրդը։ Որովհետեւ մենք տակաւին ամէն օր կը մեղանչենք եւ միշտ մաքրուելու կարիքն ունինք, ինչպէս Ս. Յովհաննէս կը հաստատէ իր առաջին թուղթին մէջ, երբ կըսէ. Եթէ ըսենք մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, Ան հաւատարիմ է եւ արդար՝ կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ կը մաքրէ ամէն անիրաւութենէ։ Ասոր համար համոզուած քրիստոնեաները յաճախ կը խնդրեն իրենց մեղքերուն արձակումը Ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդի միջոցաւ։ Ուստի, որպէսզի արժանի ըլլանք մասնակցելու Տիրոջ սեղանին միւս հաւատացեալներուն հետ, պէտք է մաքրուինք մեր մեղքերէն եւ հաշտուինք բոլորին հետ։ Այս է իմաստը սրբութեան համբոյրին, որ Ս. Պատարագի ընթացքին սարկաւագը անոր կը հրաւիրէ, երբ կը կոչէ՝ Ողջոյն տուք միմեանց ի համբոյր սրբութեան։ Ասիկա բարեկամական համբոյր մը չէ, այլ՝ հաշտութեան նշան։

Այս իմաստով, Յիսուսին խօսքը նոր իմաստ կը ստանայ, կ'ըսէ. Եթէ ես Տէրս եւ Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ։ Այս բառերը կը նշանակեն, որ ամէն օր փոխադարձ սիրոյ ծառայութիւն պէտք է կատարենք իրարու հանդէպ եւ ներենք ամէն ատեն իրարու յանցանքները։ Ս. Մատթէոս աւետարանիչը մեզի կը զրուցէ Պետրոսի հարցումը Յիսուսին. Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ, քան՞ի անգամ պարտիմ ներել. մինչեւ եօ՞թն անգամ։ Յիսուս պատասխանեց. Չեմ ըսեր եօթն անգամ, այլ՝ մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթ, այսինքն միշտ։ Նկատի առնենք նաեւ որ Յիսուսի ներումը մեր մեղքերուն՝ անհունօրէն աւելի գերազանց է քան մեր կողմէն ուրիշներուն ներած յանցանքները։

Սիրելիներ, Աւագ Հինգշաբթի օրուան յորդորը այս է՝ ՜՜քէն եւ ոխ չպահել ուրիշին հանդէպ՝՝, որովհետեւ քէնը մեր հոգին կը թունաւորէ։ Կը յորդորէ նաեւ որ բոլոր սրտով եւ յարատեւ կերպով իրարու ներենք, որպէսզի կարենանք մասնակցիլ Տիրոջ սեղանին։ Ով որ իր եղբօր չի ներեր, չի կրնար ճաշակել Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, եթէ ճաշակէ՝ աւելի ծանր մեղք կը գործէ։ Վերջապէս, Աւագ Հինգշաբթի օրը երախտագիտութեան եւ ուրախութեան օր մըն է այն մեծ պարգեւին համար, որ Յիսուս մեզ սիրեց անհուն կերպով ու սիրեց մինչեւ իր մահը։

Սիրելիներ, աղաչե՛նք եւ խնդրե՛նք Տիրոջմէ, որ այս երախտագիտութիւնը եւ այս ուրախութիւնը մեզի տան ոյժը իրար զիրար սիրելու եւ իրարու յանցանքները ներելու՝ Յիսուսի աստուածային սիրով. Ամէն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.