2009-04-10 13:13:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԻՏԱԼԻԱ Կ'ՈՒԼԱՅ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԻՐ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ։ Այսօր իտալիոյ ժամով ժամը՝11.00ին սկիզբ առաւ կեդրոնական Իտալիոյ Ապրուցցօ Մարզի կործանարար երկրաշարժի զոհերու յուղարկաւորութիւնը որ գլխաւորեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պէրթոնէ,ի ներկայութեան՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյի,ինչպէս նաեւ Պետական Իշխանութեանց հոծ մէկ բազմութեան ընդ որս նախկին հանրապետութեան նախագահ Ազէլիօ Չամբիի.,արարողութեան սկիզբը Վարչապետ Պէրլուսքոնի հաւատացեալներու ընդմէջէն հետեւեցաւ Պատարագին։ Ըստ վերջին հաշուէկշռին ահաւոր երկրաշարժի զոհերու թիւը հասաւ 289-ի։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹՈՒՐՔՄԵՆԻՍՏԱՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 9-11 ապրիլ կ'այցելէ Աշխապատ, ուր կը մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Նիստին աւարտէն ետք Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը պիտի սկսի Թուրքմենիստան։ Այդ այցելութեան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքմենիստանի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ։

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՒՊԱՅԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ։Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Քուպայի նոր նշանակուած դեսպան Խուան Վալտես Ֆիկերոան (նստավայրը՝ Մոսկուա)՝ հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին համար։ Արման Կիրակոսեան դրական գնահատած է հայ-քուպայական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը եւ նշած է, որ մեծ ներուժ կայ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան խորացման համար։ Դեսպան Խուան Վալտես Ֆիկերոա ընդգծած է երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն վերաբերեալ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Քուպայի համար փոխադարձաբար շահաւէտ պիտի ըլլայ տնտեսութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը։

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արման Կիրակոսեան 7 ապրիլին Փրակայի մէջ մասնակցած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութիւն Ծրագիրի ձեռնարկման նպատակով կայանալիք Վեհաժողովի նախապատրաստման հարցերու հանդիպումին, զոր կազմակերպած էր Եւրոպական Միութեան նախագահող երկրին՝ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութիւն Ծրագիրը նախատեսուած է Պիելոռուսիոյ, Մոլտաւիոյ, Ուքրանիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երեք պետութիւններուն համար, որոնք հանդիպման ընթացքին ներկայացուած էին արտաքին գործոց փոխնախարարներու կամ դեսպաններու մակարդակով։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 7-8 մայիսին Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի կազմակերպական մանրամասնութիւնները,նաեւ վաւերացուելիք միացեալ հռչակագիրի նախագիծը։

Մարի Անն Իզլեր Պէկին Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը։ ԵՐԵՒԱՆ- ՝՝Հայաստան-Եւրոմիութիւն՝՝ խորհրդարանական համագործակցութեան Յանձնախումբի համանախագահ Մարի Անն Իզլեր Պէկին Ապրիլ 9ին այցելեց՝ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը եւ ծաղիկներ դրաւ անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Յուշակոթողին առջեւ, ապա ժամանեց Գիտութիններու Ազգային Ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հիւրին ներկայացուց Հայոց Մեծ Եղեռնի պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կրած մշակութային ու ժողովրդարական կորուստները։ Այցելութեան աւարտին, Մարի Անն Պէկին իր տպաւորութիւնները գրեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, Պէկին յոյս յայտնեց, որ ամենամօտ ապագային Թուրքիոյ նախագահը եւս կ՝այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիրը եւ ծառ մը կը տնկէ Եղեւնիներու Պուրակին մէջ։

ԸՍՏ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՄԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 82 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ ԴԷՄ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ։ Վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յայտարարելէն ետք, թէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը կուզէ տեսնել, Լը Ֆիկարօ օրաթերթին կողմէ հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ ֆրանսացիներուն 82 առ հարիւրը ոչ պատասխանած են ՝՝Հա՞րկ է Թուրքիան Եւրոպական Միութեան մէջ ներառել՝՝ հարցումին, իսկ 18 առ հարիւրը՝ այո։ Հարցախոյզին մասնակցած են 24,639 ֆրանսացիներ։ 8 հոկտեմբեր 2005-ին կատարուած այլ հարցախոյզի մը արդիւնքը ցոյց կու տար, թէ ֆրանսացիներուն 75,3 առ հարիւրը դէմ էր Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.