2009-04-09 14:29:49

 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Աւագ Հինգշաբթի օրուայ գլխաւորած արարողութիւնները


Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2009, (Աւագ Հինգշաբթի) առաւօտեան Ժամը 9.30ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, գլխաւորեց Ս. Իւղերու` ՜՜Միւռոնի՝՝ օրհնութեան պատարագը, Կարտինալներու, Եպիսկոպոսներու եւ Քահանաներու մասնակցութեամբ, կատարելով Սուրբ Իւղերու Օրհնութիւնը։

Իսկ յետ միջօրէին, ժամը 17.30ին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքային (Հռոմի մայր Եկեղեցիին) մէջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիսապետեց Վերջին Ընթրիքի Պատարագը ,որու ընթացքին կատարեց Ոտնլուայի արարողութիւնը լուալով 12 քահանաներու ոտքերը։

Յաւարտ արարողութեան Սուրբ Հաղորդութիւնը պիտի փոխադրուի յատկապէս պատրաստուած ու զարդարուած Խորան։

Յայտնենք թէ՝ Աւագ հինգ շաբթի օրը Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս հայ Եկեղեցւոյ մէջ, Ժամը 17.00ին, սկիզբ կ'առնէ Երեկոյան Ժամերգութիւնը որմէ ետք Ոտնլուայի կարգը եւ ապա վերջին Ընթրիքի Սուրբ Պատարագը։ իսկ գիշերուայ ժամը 8.30ին կը սկսի խաւարման կարգը ի յիշատակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մատնութեան։

Իր արտասանած քարոզին մէջ ուղղուած մասնաւորապէս քահանաներուն, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, Վերջին ընթրիքին , Տէրը աղօթեց իր աշակերտներուն համար, որոնք իր շուրջը համախմբուած էին ունենալով՝ իր աչքին առջեւ բոլոր դարերու քահանաները, որոնց միջոցաւ ու իրենց խօսքով պիտի հաւատան Անոր։

Յիսուս, քահանայական աղօթքին մէջ, ներփակած է բոլոր ժամանակներու քահանաները, հետեւաբար ան մեզի համար ալ աղօթեց, լսենք թէ ինչ խնդրեց իր Հօրմէն. ՜՜սրբացուր զանոնք ճշմարտութեան մէջ, որովհետեւ քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։ Եւ անոնց համար ես ինքզինքս կը սրբացնեմ որպէսզի անոնք ալ սրբանան ճշմարտութեամբ՝՝։ Տէրը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը խնդրէ մեր սրբութիւնը, ՜՜սրբութիւն ճշմարտութեան մէջ՝՝ եւ կը ղրկէ մեզ շարունակելու՝ իր առաքելութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով իր կեանքէն դէպք մը ըսաւ. ՜՜ ՜՜58 տարի առաջ, քահանայական ձեռնադրութեանս նախօրեակին, Ս. Գիրքը բացի, որովհետեւ կ'ուզէի Աստուծմէ ընդունիլ խօսք մը այդ օրուան համար եւ քահանայական բոլոր կեանքիս համար։ Իմ ուշադրութիւնս գրաւեց Յիսուսի սա խօսքը. ՜՜Սրբանան ճշմարտութեամբ... Քու խօսքդ ճշմարիտ է՝՝։ Այդ պահուն, հասկցայ որ Տէրը իմ մասիս կը խօսի եւ ինծի հետ կը խօսի՝՝։ Քահանայ ձեռնադրուիլ հետեւաբար, կը նշանակէ մխրճուիլ Տիրոջ մէջ, ճշմարտութեան մէջ։ Եւ այսպէս ՜՜ես նոր եղանակով կը պատկանիմ Տիրոջ եւ կանչուած եմ իր Արքայութեան համար աշխատելու՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ քահանայութեան մէջ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով, մենք Աստուծոյ խորանին առջեւ կը գտնուինք վերանորոգելու մեր խոստումները, աղօթենք Տիրոջ որպէսզի մեզ դարձնէ ճշմարտութեան մարդեր, սիրոյ մարդեր եւ Աստուծոյ մարդեր։ Աղօթենք որպէսզի միշտ աւելի մխրճուինք Տիրոջ մէջ, որպէսզի դառնանք Նոր ուխտի ճշմարիտ քահանաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.