2009-04-08 12:21:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 8 ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Աւագ շաբաթուան մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Աւագ շաբաթուան ընթացքին, Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու Տիրոջ Չարչարանքի, Մահուան ու Յարութեան վրայ։

Աւագ հինգշաբթի օրը եկեղեցին կը ոգեկոչէ Ս. իւղերու օծման պատարագը` դրսեւորումը Քրիստոսի քահանայութեան լիութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցական հաղորդակցութեան։ Ս. Իւղերու պատարագը կը ոգեւորէ Աստուծոյ ժողովուրդը, հաւաքուած Ս. Զոհին շուրջ ու կենդանացուած Ս. Հոգւոյն միութեան պարգեւով։ Իսկ երեկոյեան պատարագով, Եկեղեցին կը վերակոչէ Ս. Հաղորդութեան հաստատումը, քահանայական խորհուրդը, ու սիրոյ նոր պատուիրանը, Յիսուսէն տրուած՝ իր աշակերտներուն։ Այս պատարագը հրաւէր մըն է Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու Ս. հաղորդութեան պարգեւին համար, որուն պէտք է հաւատանք ու բարեպաշտութեամբ երկիրպագենք։

Աւագ Ուրբաթ օրը, կը վերակոչենք ՜՜Քրիստոսի Չարչարանքն ու Մահը՝՝։ Տխրութեան օր է, սակայն միաժամանակ բարեպատեհ ժամանակ՝ վերարծարծելու մեր հաւատքը, ամրապնդելու ու զօրացնելու մեր յոյսը, քաջութեամբ տանելու մեր խաչը ամենայն խոնարհութեամբ, վստահելով Աստուծոյ միջամտութեան ու յաղթութեան։

Աւագ շաբաթ օրուայ լռութեամբ, եկեղեցին աղօթքի հսկում կը կատարէ, բաժնելով Ս. Կոյս Մարիամի տրտմութիւնը եւ յոյսը Աստուծոյ հանդէպ։ Այս ամփոփումը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Յարութեան ճրագալոյսը, ուր Յարութեան ուրախութիւնը պիտի ճարագայթէ հաւատացեալներու սրտերուն մէջ, երբ պիտի հռչակուի լոյսին յաղթանակը խաւարին վրայ, կեանքը` մահուան վրայ, ու Եկեղեցին պիտի ցնծայ Յիսուսի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները ըսելով ՜՜որպէսզի զատկական տօները բարեբեր ըլլան, հետեւեցէք Ս. Կոյս Մարիամին, ձեզի եւ ձեր բոլոր ընտանեկան պարագաներուն կը մաղթեմ բարի Զատիկ` Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ օգտուին Քրիստոսի խաչի լոյսէն որպէսի ամենայն վստահութեամբ քալեն Յիսուսի ետեւէն։

Հուսկ Սրբազան Հայրը դարձեալ յիշեց Իտալիոյ Աքուիլա շրջանի երկրաշարժի աղէտեալները, իր մօտիկութիւնը յայտնելով բոլոր զոհերուն, եւ հրաւիրելով քրիստոնեայ հասարակութիւնը օգնութեան հասնելու անոնց։ Սիրելիներ եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը վստահ եղէք թէ առաջին առիթին ձեր մէջ պիտի գտնուիմ, Քահանայապետը ձեզի մօտ է եւ ձեզի համար կ'աղօթէ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը

իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ-ին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.