2009-04-08 12:35:21

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայագիտական Ամպիոն Դամասկոսի Պետական Համալսարանին Մէջ ։


Սուրիա- Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ պիտի բացուի հայագիտական ամպիոն մը։ Սուրիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլադեան կը տեղեկացնէ, թէ ամպիոնի բացման մեթոտական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն Հայաստանի պետական երեք բարձրագոյն հիմնարկներ՝ Երեւանի պետական համալսարանը, Հայաստանի ճարտարագիտական եւ ճարտարապետական-շինարարական պետական համալսարանները, որոնց տնօրէնները Ապրիլ ամսուան ընթացքին կ՝այցելեն Դամասկոս, խնդիրը մանրամասնօրէն քննարկելու նպատակով։

Հայագիտական ամբիոնի բացման համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր անցեալ տարի Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սպարտակ Սէյրանեանի Սուրիա այցելելութեան ընթացքին, այս առթիւ նաեւ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայոց լեզուի ուսուցման կեդրոն։



Գերմանիայի շաբաթներ-2009 Երեւանի մէջ

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպութեամբ՝ Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, բացումը կատարուած է Գերմանիայի շաբաթներ-2009 մշակութային ձեռնարկներու շարքին Գերմանացի նշանաւոր գծանկարիչ Հորսթ Եանսենի ցուցահանդէսով։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 160 աշխատանք՝ վիմագրութեան թեքնիքով։ Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ ապրիլ 12, ապա պիտի ցուցադրուի նաեւ Գիւմրիի, Մարտունիի եւ Կապանի մէջ։ Գերմանական շաբաթներ-2009 ձեռնարկներուն շարքը պիտի տեւէ երեք ամիս եւ այդ ամիսներուն տեղի պիտի ունենան՝ ցուցահանդէսներ, նուագահանդէսներ, սեմինարներ, ընթերցումներ եւ գիտաժողովներ։

Հորսթ Եանսեն Եւրոպայի մէջ կը դասուի լաւագոյն գծանկարիչներու շարքին։ Ան ծնած է 1929-ին Համպուրկ, իսկ մահացած՝ 1955-ին։ Ուսած է Համպուրկի բարձրագոյն գեղարուեստական դպրոցին մէջ։ Ստացած է Վենետիկի փառատօնի առաջին մրցանակը։ Նշենք, որ մարտ 21-ին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է դասախօսութիւն՝ Հորսթ Եանսենն ու անոր ժառանգութիւնը նիւթով։



Հայկական տուտուկի երաժշտութեան շնորհահանդէս Երեւանի մէջ

Հայաստանի Ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանին մէջ 31 Մարտ 2009-ին տեղի ունեցած է Հայկական տուտուկի երաժշտութեան կայքէջի շնորհահանդէսը։ Կայքէջին ստեղծման պատճառը եղած է այն, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ծրագրին պահպանման ցուցակին մէջ ներառուած եւ գլուխ-գործոց հռչակուած է հայկական տուտուկը։ Կայքէջը ստեղծուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ ճափոնական Յանուն մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին ֆինանսաւորումով։ Կայքէջի բացման արարողութեան ընթացքին ներկաները ունկնդրած են հայկական նուագարանին հնչեղութիւնը իր բազմերանգութեամբ՝ Գէորգ Դաբաղեանի կատարումով։ Նուագահանդէսին ելոյթ ունեցած են նաեւ՝ Աննա Մայիլեան, Կարինէ Յովհաննիսեան եւ Գուրգէն Դաբաղեան։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.