2009-04-08 13:42:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ 250-Ի։

Կեդրոնական Իտալիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժի զոհերուն թիւը այսօր բարձրացաւ 250-ի ։ Երէկ երեկոյան տեղի ունեցած ուժգին յետցնցում մը որ զօրաւոր կերպով զգալի եղաւ նաեւ Հռոմի մէջ,մեծ իրարանցում յառաջ բերաւ Աքուիլայի աղէտեալներու ու բազմահազար փրկարար աշխատանք տանողներու մօտ։ Հռոմի մէջ 77 տարեկան իտալացի պարոն մը ցնցումի հետեւանք սրտի տագնապի զոհ գնաց։ Փրկարար աշխատանք տանողները սակայն գիշերով շարունակեցին իրենց աշխատանքը։Հազարաւոր անտուն մնացած մարդիկ կը պատսպարուին վրաններու եւ ինքնաշարժներու մէջ,ու նաեւ կառավարութեան կողմէ անոնց տրամադրութեան տակ դրուած շրջանի բազմաթիւ պանդոկներուն մէջ։ Վարչապետ Պէրլուսքօնի ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժողովուրդին կը յանձնարարէ իրենց բնակարանները չվերադառնալ,աւելցնելով, որ վերապրողները գտնելու համար փրկարար աշխատանքները պիտի շարունակուին առնուազն յաւելեալ երկու օրեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյին յայտնելով Հայ Ժողովուրդի ու իր անձնական ցաւակցութիւնները Իտալիոյ Նախագահին ու բարեկամ Իտալիոյ ժողովուրդին Ապրուցցօ Մարզի ահաւոր երկրաշարժի պատճառած ողբերգութեան առիթով,մաղթելով միաժամանակ այս դաժան փորձութենէն շուտափոյթ ապաքինում, ինչպէս նաեւ զոհերու հարազատներուն ու բարեկամներուն տոկունութիւն եւ քաջութիւն։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԵԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԴՆԵԼ՝ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԴԱԴՐԻ ԿԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի հրաւէրով Անգարայի մէջ կը մասնակցի Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութեան Վեհաժողովին, յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիա շարունակէ նախապայմաններ առաջադրել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ, ապա երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը պիտի չշարունակուի։ Ըստ ՝՝Փանարմինիըն.նեթ՝՝ լրատուական կայքէջին, թրքական Զաման օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ ընդգծած է, որ Հայաստանի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ անփոփոխ է։ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ առանց նախապայմաններու։ Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը միայն այդ պարագային շարունակելու։ Եթէ Թուրքիա շարունակէ նախապայմաններ դնել սահմաններու բացման համար, մենք ատիկա պիտի գնահատենք որպէս երկխօսութեան դադրեցում, (ըսած է Է. Նալբանդեան)։

ՀՈՆՈԼՈՒԼՈՒ- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ծննդավայրը եղող Հաուայի նահանգը հանդիսացաւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչցող 42րդ նահանգը, երբ նահանգին խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց 192.րդ բանաձեւը, ուր յստակօրէն կը դատապարտուի Հայութեան դէմ գործադրուած այս ոճիրը եւ կը մատնանշուի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ օրս կը շարունակեն պատմութեան այս էջը ուրանալու աշխատանք տանիլ։ Յատկանշական է, որ բանաձեւը վաւերացուեցաւ այն միջոցին, երբ նախագահ Օպամա Թուրքիա կը գտնուէր։ Բանաձեւը Ապրիլ 24ը կը դարձնէ ՝՝1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակման եւ ճանաչումի Օր՝՝։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց Հաուայի նահանգի խորհրդարանին առած այս քայլը, զայն մէկ մասնիկը համարելով ՝՝Հայկական Ցեղասպանութիւն ճանչցողներու հետզհետէ աւելի մեծցող ալիքին՝՝ ։

Համաշխարհային Դրամատունը Պատրաստ Է Օգնելու Հայաստանին։

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Երեքշաբթի օր ընդունած է Համաշխարհային Դրամատան (ՀԴ) Զարգացման քաղաքականութեան, վարկային ծրագրեր պատրաստող առաքելութեան անդամները ՀԴ. Հայաստանի գծով աւագ տնտեսագէտ Ռոպերթ Տալիերսոյի գլխաւորութեամբ։ Ռոպերթ Տալիերսօ վարչապետին ներկայացուցած է Համաշխարհային Դրամատան կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք յառաջիկայ երեք տարիներուն համար նախատեսուող վարկային ծրագիրներու կազմութեան աշխատանքներու ընթացքը։ ՀԴ. առաքելութեան ղեկավարը դրական գնահատած է Հայաստանի կառավարութեան մինչեւ օրս ձեռնարկած հակաճգնաժամային քայլերը, ինչպէս նաեւ փոքր եւ միջին ձեռնարկներուն աջակցելու, գործարար միջավայրի բարելաւման եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու ուղղութեամբ կատարուած միջոցառումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.