2009-04-06 12:57:23

Լուրեր հայ աշխարհէն

՝՝Հետեւելով Արեւուն՝՝ հատորը

գրքին մէջ տեղ գտած են մանուկներու հնարած ու պատկերազարդած հեքիաթներ


Հայաստանի տարբեր անկիւնները ապրող մանուկները իրենց գրութիւններով պատրաստած են հեքիաթներու գիրք մը, ուր տեղ գտած են բնապահպանական նիւթերու առնչուած գրութիւններ. հատորը ունի ՜՜ Հետեւելով Արեւուն՝՝ վերնագիրը։

Սոյն գրքին մէջ կան մանուկներուն հնարած ու պատկերազարդած 11 հեքիաթներ։ Ժողովածուին ներկայացումը տեղի ունեցած է ՜՜Խնկօ Ապոր՜՜ մանկապատանեկան գրադարանին մէջ որուն ընթացքին նաեւ տեղի ունեցած ՜՜Հետեւելով Արեւուն՝՝ ժողովածուէն երեք հեքիաթներու թատերական ներկայացում եւ Հայաստանի վայրի բնութեան նուիրուած մանկական կայքէջի շնորհահանդէսը։

Կը ծրագրուի այս ՜՜Հետեւելով Արեւուն՝՝ մանկական հեքիաթներու ժողովածուն հրատարակել՝ ռուսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով եւս։ Ըստ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէա Վիքթորինի, գիրքին գերմաներէն թարգմանութեամբ՝ գերմանացի մանուկները պիտի կարենան ծանօթանալ իրենց հայ հասակակիցներուն երեւակայութեան աշխարհին ինչպէս նաեւ անոնց ստեղծագործութիւններուն։





Մահ՝ Արժանթինի նախկին նախագահ տոքթ. Ռաուլ Ալֆոնսինի

ան եղած է Հայ Դատի անկեղծ բարեկամ։

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ - Արժանթինի նախկին նախագահ՝ տոքթ Ռաուլ Ալֆոնսինի մահը, տեղի ունեցաւ անցեալ 31 Մարտին Պուէնոս Այրէսի մէջ, լուրը մեծ ցաւ պատճառեց երկրի հայ համայնքին տրուած ըլլալով նախկին նախագահին հետ իր ունեցած մտերիմ եւ անկեղծ բարեկամութիւնը։ Հայ ազգին պահանջատիրական պայքարին նկատմամբ համոզուած աջակից մը եւ Հայ Դատի պաշտպան մըն էր ան ու ՜՜Հայութեան հանդէպ իր սէրը՝՝ առիթ դարձաւ որ հայ համայնքը իրեն ի պատիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպէր 1 Սեպտեմբեր 1987ին, Պուէնոս Այրէսի Դաշնակցութեան կեդրոնական ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Արժանթինի քաղաքական եւ մշակութային անձնաւորութիւններու, Արժանթինի եւ Ուրուկուայի բոլոր հայ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, եւ հոծ բազմութեան մը ։

Հարկ է նշել թէ տոքթ Ռաուլ Ալֆոնսինի նախագահութեան օրերուն, արժանթինեան Խորհրդարանը տարբեր առիթներով Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններ հռչակեց։

Ի դէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 80ամեակի առթիւ տօնակատարութիւնը որ տեղի ունեցած էր 31 Մայիս 1998ին, Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական ակումբին մէջ, հիմնական հրաւիրեալը եղած էր հայազգի մեծ բարեկամը՝ տոքթ Ռաուլ Ալֆոնսը։ Ան այդ առթիւ եւ հարիւրաւոր հայերու դիմաց, ջերմ պատգամ մը փոխանցած էր բոլորին ըսելով.՜՜ Ձեզ կը յայտնեմ խորին շնորհակալութիւն, Արժանթինի հանդէպ ձեր բոլոր ըրածներուն համար, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ եկած էք մեր ընկերութեան մաս կազմելու, սերունդներու բերումով ցոյց տուած էք զոհողութիւն եւ իմաստութիւն զայն հարստացնելու համար։Ձեզ կը յայտնեմ շնորհակալութիւն, որովհետեւ դուք արժանթինեան ընկերութեան փոխանցեցիք ձեր ազատագրական պայքարը ձեզի կը յայտնեմ շնորհակալութիւն, ձեր երազներուն համար, կը խնդրենք Ձեզմէ որ չփոխուիք շարունակեցէք ձեր ազգի պայքարը փնտռելով ազատութիւն, փնտռելով պետութիւն մը փնտռելով հանրապետութեան մը մէջ ապրիլ, ժողովրդավարութեան մէջ ապրիլ, շարունակեցէք այդպէս ինչպէս որ էք, որովհետեւ մեր ընկերութիւնը ձեր բոլորիդ օրինակին կարիքը ունի։



Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանի հիւր՝ ՜՜Քահանայապետական Բարեգործութիւն Ի Սպաս Առաքեալ Մանունկներու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու՝՝

Վերջերս Պէրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան այցելած են ՜՜Քահանայապետական Բարեգործութիւն ի սպաս Առաքելական Մանուկներու՝՝ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները որոնք դիմաւորուած են Արհի. Հ Վարդան Եպս Աշգարեանի եւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի կողմէ։

Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին, վարժարանի տնօրէնը հիւրերուն, փոխանցած է վարժարանի մասին ամփոփ, բայց լիարժէք տեղեկութիւններ, կապուած վարժարանի ներկային, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներուն հետ։ Հիւրերը այցելած են նաեւ Ս Փրկիչ Եկեղեցին ապա շրջագայած են հայաշատ Պուրճ Համուտի թաղամասը։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.