2009-04-05 18:18:39

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ընդունեց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Նոր Թեկնածուները


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ընդունեց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Նոր Թեկնածուները



Պէյրութ, Լիբանան - Հայկական երեսփոխանական պլոքի 5 թեկնածուները՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ճորճ Գասարճի, նախկին նախարար Արթիւր Նազարեան, Վրէժ Սապունճեան եւ Կրեկուար Գալուստ, Լիբանանի հոգեւոր պետերուն իրենց տուած այցելութիւններու շարքին, Հինգշաբթի 2 Ապրիլ 2009-ին, այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։

Գրանցում Արցախի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ստեփանակերտ, Արցախ



19 Մարտ 2009-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, Արցախի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին գրանցուեցաւ որպէս համանուն կրօնական կազմակերպութիւն։ Փորձագիտական եզրակացութիւն ստանալու համար, Արցախի Հայ Կաթողիկէ համայնքի լիազօր ներկայացուցիչ՝ տէր Գրիգոր քհնյ Մկրտչեան, թեմի առաջնորդ Արհի Նշան արք Գարաքէհէեանի առաջնորդութեամբ, փաստաթուղթեր ներկայացուցած էր Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ գոյութեան մասին, որոնք կը լրացնեն Խղճի Ազատութեան եւ Կրօնական Կազմակերպութիւններու մասին ԼՂՀ օրէնքի 5-րդ յօդուածի պայմանները



Հայր Յովհաննէս վրդ. Օրջանեանի Յիշատակին`

Յիշատակդ անթառամ է մեր սրտերուն մէջ, ով ազնիւ սիրտ, պատրաստեց Զմմառեան ուխտէն կիսասարկաւագ՝ Ճօն Գեղարդ Թովմասեան



Իմաստուն եւ շրջահայեաց երջանկայիշատակ Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեան ո՛չ միայն իր հօտը առաջնորդեց սոսկ հոգեւոր սնունդ սերմանելով, այլ անոր իբրեւ հայ գոյատեւելու, նոր աւիշ հաղորդելու նապատակով զարկ տուաւ համայնքիս հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման գործընթացին։

Յիշատակութեան արժանի է, ցարդ լոյս չընծայած, աշխատասիրութիւնը՝ նուիրուած Արծիւեան միաբաններու լիակատար անուանացանկին ստեղծման օրէն ցայսօր, որը կրնայ լոյս սփռել միաբանութեան պատմութեան համար։

Կեանքի վերջալոյսին հիւանդութեան պատճառաւ Զմմառ հաստատուած Հայր Սուրբը ժառանգաւորներուն որպէս հոգեւոր հայր խրախուսեց եւ զօրավիք կանգնեցաւ բոլոր ժառանգաւորներուն իրենց դաւանած սկզբունքներուն մէջ։

Ան իր սրբակեաց վարքով, ազգանուէր գործունէութեամբ յոյս ու հաւատք սերմանեց նոր սերունդին այն հաւատքով ու տեսլականով, որ օր մը այդ սերմերը պիտի գան ու շարունակեն իր լուսաւոր ու երախտաշատ գործը։

Հայր Յովհաննէս յղացաւ հրաշալի գաղափար մը, այն է` գրի առնել Զմմառեան միաբան վարդապետներուն կենսագրական տուեալները ՜՜սկսելով՝ հիմնադրութենէն` Աբրահամ Արծիւեանի կողմէ մինչեւ ցարդ ձեռնադրուող միաբան վարդապետներուն՝՝։ Ան իր ուսումնասիրութինը սկսաւ հիմնուելով իր տրամադրութեան տակ եղած աղբիւրներուն վրայ, ու զայն կեանքի կոչեց։ Ապա նկատեց որ անիկա ամբողջական չէ, երկրորդ անգամ եւս ձեղնարկեց, այս անգամ աւելի գիտական մակարդակի վրայ, օգտուելով Զմմառի արխիւներէն, երբ վերջնականպէս փոխադրուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Զմմառ։ Այն ատեն իր աշխատասիրութիւնը կատարեալ դարձաւ։ Մատեանը կ՛ընդկրկէ Զմմառեան միաբան վարդապետին ծննդավայրը, առաքելավայրերը եւ մահուան թուականը։

Տեղին է յիշել նաեւ իր արխիւային գործը , որ է՝ Միաբան վարդապետներու լուսանկարներուն ցանկը այբենականի հերթականութեամբ։

Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեան ծնած էր 14 Հոկտեմբեր 1939-ին Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն ընդունուած է Զմմառու նորընծայարանը՝` Ճիունի 1951-ին։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Յիսուսեաներու՝` Կրէկորեանա (1959 - 1965) ու մէկ տարի եւս Սալէզեաններու համալսարանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.