2009-04-04 12:40:54

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 





Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՊՈԼԻՍ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ։

6- 7 Ապրիին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող Քաղաքակրթութիւններու Դաշինքի 2-րդ համախմբումին մասնակցելու նպատակով Պոլիս պիտի երթայ։ Քաղաքակրթութիւններու Դաշինք համախմբումին նպատակն է զարգացնել միջ-մշակութային փոխըմբռնումը եւ համագործակցութիւնը։ Դաշինքի առաջին համախմբումը տեղի ունեցած է Յունուար 2008-ին՝ Մատրիտի մէջ։Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք համախմբումին պիտի մասնակցին 3 տասնեակ պետութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ նախագահներ, վարչապետներ եւ արտաքին գործոց նախարարները։



Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կազմակերպել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու նոր հանդիպումը, եւ այդ նպատակով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շրջան պիտի ուղարկէ արտաքին գործոց նախարարին տեղակալի օգնական՝ Մեթիու Պրայզան։



Հայկական 2 Հանրապետութիւններու Արտաքին Նախարարները Կը Խորհրդակցին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդած է, թէ նախարարութեան մէջ Ապրիլ 3-ին տեղի ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու հերթական խորհրդակցութիւնները՝ երկու հայկական հանրապետութիւններու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Գէորգի Պետրոսեանի մասնակցութեամբ։ Հանդիպման քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն համագործակցութեան եւ աշխատանքներու համադրման հարցերը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուեցան Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին առնչութեամբ։



Թուրքիոյ Մէջ Հայերէնով Ձայնասփռումներուն Մասին։

ՊՈԼԻՍ-Այս շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ պետական ձայնասփիւռի կայանէն օրական մէկ ժամ հայերէն հաղորդումներուն համար, Հայաստանէն Թուրքիա բերուած են երկու հայ հաղորդավարներ, որոնց պիտի օգնեն հինգ պաշտօնեաներ(կը տեղեկացնէ Մարմարա Օրաթերթը)։ Այս հաղորդավարները դիմում կատարած են Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլալու համար։ Հաղորդումները պիտի կատարուին արեւելահայերէնով։ Առաջին հաղորդումին ընթացքին, տրուած ըլլալով, որ կայանը հայերէն երգերու արխիւ չունի տակաւին, հաղորդուեցաւ սիրուած երգչուհի Սէզէն Աքսուի մէկ երգը։ Ձայնասփիւռի ղեկավարները դիտել տուին, որ յայտագիրին ընթացքին շեշտը պիտի դրուի երկու ժողովուրդներու նոյնանման կողմերուն վրայ։ Այս կայանը լսելի պիտի ըլլայ Հայաստանի մօտիկ շրջաններուն մէջ՝ Էֆ.Էմ 106.25 կայանէն։ Նշենք սակայն որ Պոլսահայերու համար բաւական դժուար է արեւելահայերէնի ըմբռնումը , նոյնպէս սփիւռքահայութեան համար։



Երեւանի մէջ Հայաստանի Կապի եւ Ճանապարհներու նախարար Գուրգէն Սարգսեան եւ Իրանի իր պաշտօնակից Համիդ Բեհբահանին ստորագրեցին Հայաստան-Իրան երկաթուղիի նախագծի իրականացման համագործակցութեան յուշագիրը։ Փաստաթուղթի վերջնական տարբերակը,( ըստ նախարարներուն) պիտի ստորագրուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Իրան կատարելիք այցելութեան ընթացքին։

Նախնական հաշուարկներով, 470 քիլոմեթր (որու 410ը՝ Հայաստանի տարածքին վրայ) երկարութեամբ երկաթուղիի կառուցման համար կը պահանջուի 1.2 միլիառ տոլար։



Մեծանուն Նկարիչներու Գործեր Կը Գողցուին Հրազդանի Պատկերասրահէն։ ՀՐԱԶԴԱՆ- Ազգային պատկերասրահի Հրազդանի մասնաճիւղէն Մարտ 30-ի գիշերը գողցուած են Սարեանի, Բաշինջաղեանի, Թերլեմեզեանի եւ այլ յայտնի նկարիչներու 18 արժէքաւոր կտաւներ։Հրազդանի պատկերասրահը, որ ազգային արժէքներու համար նախատեսուած շինութիւն պէտք է ըլլայ, ունի մէկ պահակ եւ չունի անվտանգութեան համակարգ։ Նշենք, որ ամիսներ առաջ Նկարիչներու Միութեան պահեստներէն գողցուած էին դարձեալ արժէքաւոր կտաւներ, որոնց ճակատագիրը անյայտ կը մնայ մինչեւ այսօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.