2009-04-03 12:45:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Արժանթինի եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ եկած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Արժանթինի եպիսկոպոսները Նորին Սրբութիւնը անոնց յիշեցուց թէ քրիստոնեային առաջին ու գլխաւոր պարտականութիւնն է քարոզել ու վկայութիւն տալ Աւետարանին։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը կանչուած է վճռական ու համոզիչ դեր մը ունենալու աւետարանի քարոզութեան մէջ, հոգեւոր եւ բարոյական վերածնունդ մը տալու թէ եկեղեցական հասարակութեան եւ թէ ընկերութեան մէջ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, որոնք(ինչպէս ըսինք) Հռոմ կը գտնուին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Անհատի համար չկայ աւելի գեղեցիկ եւ յուսադրիչ բան մը, քան ճանչնալ եւ հանդիպում ունենալ Յիսուսի հետ։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ՝ աւետարանել կը նշանակէ ամէնէն առաջ վկայութիւն տալ Աւետարանին ՜՜խօսքով ու գործով՝՝։ Աւետարանի քարոզութիւնը՝ հարկ է որ ըլլայ ամենէն պարզ ձեւով. Աստուած մեզի յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Ս. Հոգւոյն ներգործութեամբ։ Աստուած իր Միածին Որդւոյն մէջ աշխարհը սիրեց։ Հետեւաբար Աւետարանի քարոզութիւնը չի նշանակեր հաղորդել եւ ուսուցանել վարդապետութիւն մը, այլ աւետել Քրիստոսը` ՜՜ խորհուրդը Յիսուսի Անձին ու սիրոյն՝՝։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ աւետարանութեան առաջին ձեւն է անհատական կեանքի վկայութիւնը։ Այսօր աւելի քան երբեք (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) աշխարհը կարիքն ունի սրբակեաց քահանաներու, կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու, կարող՝ ժամանակակից մարդիկը քաշելու Քրիստոսին, իրենց բարի կեանքի վկայութեամբ։



Հինգշաբթի` 2 Ապրիլ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեց երջ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի մահուան Դ. տարելիցին առթիւ։ Ս. Զոհին աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ս. Պետրոսի գետնայարկը իջաւ պահ մը աղօթելու՝ հանգուցեալ Քահանայապետին դամբանին առջեւ։

 









All the contents on this site are copyrighted ©.