2009-04-02 15:28:45

Լուրեր հայ աշխարհէն

1016 թռիչք-վայրէջք իրականացուցած է Զուարթնոց օդակայանը


Այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին Զուարթնոց օդակայանը իրականացուցած է 1016 թռիչք-վայրէջք՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին 1203-ի փոխարէն։ Նոյն ժամանակահատուածին օդակայանի ճամբով Հայաստան ժամանած է 74,575, իսկ մեկնած՝ 86,401 ճամբորդ։ Այս տարուան յունուար-փետրուարին, օդակայանի ճամբով ընդհանուր ճամբորդներու փոխադրումը կազմած է 160,976, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին 170,468-ի փոխարէն։ Գիւմրիի Շիրակ օդակայանը իրականացուցած է 27 թռիչք-վայրէջք, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին 23-ի փոխարէն։ Օդակայանի ճամբով հանրապետութիւն ժամանած է 1131, իսկ մեկնած՝ 1743 մարդ։



Լոյս տեսած է Աննա Պետրոսեանի Բոլոր ժամանակներու Հայաստանը հատորը

Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած է Աննա Պետրոսեանի Բոլոր ժամանակներու Հայաստանը եօթնհատորեակի առաջին գիրքին շնորհահանդէսը որ նուիրուած է Հին Հայաստանի վերելքներուն եւ անկումներուն, ինչպէս նաեւ՝ անոր արժանաւոր զաւակներուն։ Աննա Պետրոսեան իր այս գիրքով փափաքած է ներկայացնել հայ մարդուն բնաւորութիւնը եւ անոր ձգտումը դէպի իր արմատները։

Աննա Պետրոսեանը իր գրական արժանիքներուն համար պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանով՝։

Մեծարեալը ծնած է Գիւմրի։ Աւարտած է Երեւանի արուեստի հիմնարկը։ Աշխատած է, իբրեւ հաղորդավարուհի՝ պատկերասփիւռի մէջ, նաեւ դերասանուհի՝ Հր Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնին մէջ։ 1985-ին Աննա Պետրոսեան հիմնադրած է իր տեսակին մէջ միակ դիւցազնավէպի (էպոս) դպրոցը։



Ոսկիի հանքավայր մը յայտնաբերուած է Վայոց Ձորին մէջ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան մարտ 20-ին ընդունած է երկրին մէջ արձանագրուած եւ երկրաբանական հետախուզութեամբ զբաղող Ճիօթիմ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հայկ Ալոյեանը, ընկերութեան բաժնետէրեր՝ Նիւմոնթ մայնինկ քորփորէյշըն ընկերութեան Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ շրջանային տնօրէն Պրայըն Լեւեթի եւ Համաշխարհային դրամատան Միջազգային ֆինանսական համընկերութեան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ներսէս Կարամանուկեանը։ Ճիօթիմ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը եւ ընկերութեան բաժնետէրերու ներկայացուցիչները վարչապետին զեկուցած են 2006-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ Ճիօթիմի կատարած գործունէութեան, մասնաւորաբար Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մէջ աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին։ Անոնք նշած են, որ 2006-2008 թուականներու ընթացքին կատարուած երկրաբանական աշխատանքներուն արդիւնքով Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած եւ հետախուզուած է ոսկիի նոր տիպի հանքավայր՝ Ամուլսարի (Վայոց Ձոր) մէջ, որ ունի մեծ ներուժ եւ շահագործման լաւ հեռանկարներ։

Ճիօթիմ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը նշած է նաեւ, որ հանքավայրի արդիւնահանման համապատասխան պետական արտօնագիր ստանալու պարագային, հանքավայրի շահագործման ծրագիրով կը նախատեսուի մեծ ծաւալի ներդրումներ կատարել։ Պրայըն Լեւեթ եւ Ներսէս Կարամանուկեան իրենց կարգին ընդգծած են, որ ներդրումային ծրագիրներուն մէջ նկատի առնուած են մարզերու ընկերային-տնտեսական զարգացման եւ բնապահպանման հարցերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.