2009-04-01 13:48:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 1 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը։

Սրբազան Հայրը այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Գամերուն եւ Անկոլա կատարած այցելութեամբս ուզեցի հանդիպում ունենալ Ափրիկէի բոլոր ժողովուրդներու հետ։ Մեծապէս գնահատեցի ափրիկէցիներուն ինծի վերապահած ջերմ հիւրընկալութիւնը, խորապէս շնորհակալութիւնս կ՛ուղղեմ եպիսկոպոսներուն ու պետական իշխանութիւններուն, եւ բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին այս այցելութեան յաջողութեան։

Եաունտէի մէջ Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներու յանձնեցի ափրիկեան սիւնոդոսի թղթածրարը, որուն աշխատանքները Հռոմ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։ Գամերունի եւ Անկոլայի եպիսկոպոսներուն յիշեցուցի կարեւորութիւնը աւետարանութեան։ Մեծ յուզումով այցելեցի անկարներու կեդրոնը, որ ինծի առիթ ընծայեց բաժնեկից դառնալ անկարներու եւ հիւանդներու ու անոնց յոյսին որ հաւատքէն կու գայ։ Անկոլայի այցելութեանս առաջին նպատակը եղաւ հաստատել Եկեղեցին հաւատքին մէջ եւ քաջալերել հաշտութեան ընթացքը զանազան խումբերու միջեւ ազգային վերակառուցումին ի խնդիր։ Երիտասարդներու ու կիներու հետ երկու հանդիպումները շատ նշանակալից եղան։ Միասին ( ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը) մեր գոհութիւնը բարձրացնենք առ Աստուած այս բոլոր սքանչելիքներուն համար որ իրականացուց եւ կը շարունակէ իրականացնել Ափրիկէի մէջ, մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ որ խանդաղատանքով ու հաւատքով լեցուն է։ Միաժամանակ ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ափրիկէցիներուն համար, որոնք ինծի համար շատ սիրելի են, որպէսզի կարենան քաջութեամբ դիմագրաւել ընկերային, տնտեսական ու հոգեւոր ներկայ մարտահրաւէրները։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք որ սերտօրէն սիրեն Քրիստոսը ու պատշաճօրէն պատրաստուին Աւագ շաբաթուայ խորհուրդը ապրելու, եւ ամրապնդուելու Քրիստոսի Մահուան ու Յարութեան հաւատքով ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն անոնցմէ խնդրելով որ պահ մը ամփոփուին խորապէս ապրելու Աւագ Շաբաթը, որ ցոլացումն է Քրիստոսի Չարչարանքներուն, Մահուան ու Յարութեան խորհուրդին որուն շնորհիւ իրականացաւ մարդկային ցեղին փրկութիւնը։

Ունկնդրութեան աւրտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.