2009-04-01 12:46:24

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԸ։ Եւրոպական խորհուրդիԽորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի նիստը աշխատանքի սկսաւ 30 մարտին՝ Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ։ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթ եւ Ճորճ Քոլոմպիէ ներկայացուցին Հայաստանի կողմէ թիւ 1643 բանաձեւի կէտերուն գործադրութեան վերաբերող իրենց զեկուցումը։Դիտարկումի յանձնախումբի նիստին Հայաստանէն կը մասնակցին՝ Դաւիթ Յարութիւնեան, Արմէն Ռուստամեան, Աւետ Ադոնց եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան։



200.000 Գաղթական Հայեր Հայրենիք Պիտի Վերադառնան։

PanARMENIAN.Net կայքէջը կը հաղորդէ, թէ վերջին 2-3 ամիսներու ընթացքին փոխուած են գաղթի քաղաքականութեան առաջնութիւնները, քանի որ այժմ արդէն ընթացքի մէջ է մեր հայրենակիցներու վերադարձի գործընթացը։ Այս խօսքերով արտայայտուած է Հայաստանի Տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթի գործակալութեան պետ Գագիկ Եգանեանը։ Ինչպէս հաղորդած է մասնագէտ Եգանեանը, տնտեսական ճգնաժամի աւարտին Հայաստան վերադարձած պիտի ըլլան աւելի քան 200.000 գաղթականներ։ Գագիկ Եգանեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ ամէնաուշը գարնան վերջաւորութեան, պատրաստ պիտի ըլլան հրա-պարակուելու տուեալները չմեկնած մարդոց, որոնք համաշխարհային ճգնաժամի պատճառով՝ եղանակային աշխատանքներու համար չեն մեկնած։ Նշենք, թէ Հայաստանէն դուրս աշխատող եւ հայրենիք գումարներ ուղարկող մարդոց խաւը, մեծ մասով կ՝աշխատի շինարարութեան մէջ, հոն ուր եղանակները կարեւոր դեր կը խաղան։



Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը քարոզչական բազմաճակատ արշաւի կը դիմէ։

Նկատի ունենալով, որ թեւակոխած ենք Ապրիլ ամիսը եւ Ցեղասպանութեան 94ամեակը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը որոշած է քարոզչական բազմաճակատ արշաւի մը նախաձեռնել համացանցին ու աւանդական մամուլին միջոցաւ՝ լուսարձակներ բանալով Տարֆուրի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը կասեցնելու եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչում ապահովելու հարցերուն վրայ։ Այս նպատակով հաստատուած համացանցային www.anca.org/change կայքէջին վրայ կարելի է տեղեկութիւններ կարդալ Տարֆուրի բնակչութեան վատթարացող կացութեան մասին եւ զուգահեռներ տեսնել անոր եւ 1915-1923ին տեղի ունեցած 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութեան միջեւ։ Հոն նաեւ տեղեկութիւններ կան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կապ հաստատել նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Գոնկրէսականներու հետ՝ անոնցմէ հաստատ քայլեր պահանջելու համար թէ՛ Տարֆուրի Ցեղասպանութեան եւ թէ՛ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ։



Ատանայի Կոտորածը՝1909-ի Ապրիլին։

Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթներու հայերու զանգուածային ջարդը, որ կազմակերպեցին թրքական իշխանութիւնները ։Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի տապալումը եւ սահմանադրութեան հռչակումը (1908) էական փոփոխութիւն չմտցուցին արեւմտահայերու դրութեան մէջ, սակայն որոշ աշխուժութիւն յառաջ բերին ազգային քաղաքական կեանքէն ներս։ Ատանայի եւ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայերը, որ ինքնապաշտպանութեամբ դիմակայած էին 1890ական թուականի ջարդերուն, կարողացան յառաջադիմել, տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական ասպարէզներուն՝ իրենց ձեռքին կեդրոնացնելով երկրամասի առեւտուրն ու արդիւնաբերութիւնը։ Սահմանադրական կարգերէն դժգոհ թուրք յետադիմական ուժերը սկսան հայերուն ամբաստանել, որպէս ՝՝հիւրիյէթ՝՝ը (նկատի ունէին սահմանադրական կարգերու հաստատումը Թուրքիոյ մէջ) բերողներ ,որոնք իբրեւ թէ այդպէս կը հետապընդէին իշխանութիւնը թուրքերէն խլելու եւ հայկական թագաւորութիւնը վերականգնելու նպատակ։ 1909ի Մարտ 31ին, Ատանայի վալիի գլխաւորութեամբ կայացաւ նահանգական խորհուրդի նիստ, ուր ընդունուեցաւ հայերը բնաջնջելու որոշում։ Ջարդեր տեղի ունեցան Ատանայի բոլոր գաւառներուն եւ Հալէպի վիլայէթի արեւմտեան եւ շարք մը հայաբնակ շրջաններուն մէջ։ Այս առթիւ յիշենք որ Կոմիտաս հիմնարկը տեղեկացուց , թէ Ատանայի ջարդերուն հարիւրամեակին առիթով Լոնտոնի Տնտեսութեան վարժարանին մէջ, 28 Մարտին տեղի ունենալիք Գիտաժողովը յետաձգուած է քանի պիտի գումարուի Պոլսոյ ՝՝Սապանճը՝՝ համալսարանին մէջ, 6-7 Նոյեմբերին։ Կոմիտաս հիմնարկի վարիչ Արա Սարաֆեան յայտնեց, թէ 1909ի Ատանայի ջարդերուն մասին Գիտաժողովը Պոլսոյ մէջ կատարելու առիթը կարելի չէր փախցնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.