2009-03-31 10:25:11

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ծաղակազարդի տօնին առթիւ Իտալիոյ Բուլիա մարզը մտադիր է իր հողի ձիթենիներով զարդարել ՜՜Ս. Պետրոսի՝՝ հրապարակը


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ծաղակազարդի տօնին առթիւ Իտալիոյ Բուլիա մարզը մտադիր է իր հողի ձիթենիներով զարդարել ՜՜Ս. Պետրոսի՝՝ հրապարակը։

Այս տարի եւս Իտալիոյ Բուլիա մարզը մտադիր է իր հողի ձիթենիներով զարդարել ս. Պետրոսի անուան հրապարակը, Ծաղկազարդի կիրակին Ապրիլ 5-ին։

Արդարեւ, Ծաղակազարդին օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս հրապարակը ու երիտասարդներու հետ միասին պիտի տօնախմբէ երիտասարդութեան օրը։

Ս. Պետրոս հրապարկի զարդարանքին համար կը նախատեսուի զետեղել 4 հնամեայ (հասուն) եւ 120 նորաբոյս ձիթենիներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ տունկեր եւ 400.000 ձիթենիի ոստեր։ Արարողութեան աւարտին հնամեայ չորս ձիթենիի ծառերը պիտի տնկուին Վատիկանի այգիին մէջ ։ Յայտնենք որ ձիթենիի ոստերը կը խորհրդանշեն Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։



Պօղոսեան քայլարշաւ Երուսաղէմէն Հռոմ։

Մարաթոնա` վազք մը Պօղոս առաքեալի հետքերուն վրայ երուսաղէմէն Հռոմ։ Քայլարշաւը Երուսաղէմէն կը սկսի ապրիլ 23ին։ Կազմակերպիչներու նախատեսումով կ՝աւարտի մայիս 27ին Հռոմ՝ մայրաքաղաքը։ Այս նախաձեռնութիւնը կը կազմակերպէ ՜՜Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝՝ անուան մարզական կեդրոնը։ Աւելի քան 1.300. քիլոմեթր ճամբան կ՛անցնի Պօղոս առաքեալի այցելած վայրերէն Կեսարիայէն - Աթէնք, Մակթա, Սիրաքուզա։

Սոյն մարաթոնին կրնայ մասնակցիլ թէ մարզիկը եւ թէ պարզ անհատը ։ Խորհրդնշանական այս մրցումը պիտի փակուի Ս. Պետրոսի հրապարակը՝ Վատիկան, եւ մասնակցողները պիտի ողջունուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.