2009-03-30 13:18:32

Լուրեր հայ աշխարհէն

Լիբանան-Անթիլիասի ուխտի օրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապի տօնին առիթով։


Ուխտի օրուան առիթով, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա կաթողիկոս։ Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն սուրբին կեանքին եւ զոհաբերութեան, ապա վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Սրբազանը հայ եկեղեցին նկատեց միակ ու ապահով առաջնորդը հայ ժողովուրդին, եւ կոչ ուղղեց հետեւելու հայ եկեղեցւոյ ուսուցումներուն՝ հեռու մնալով ամէն տեսակի մոլորեցուցիչ շարժումներէ։ Սրբազանը նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերակատարութեան մասին, յատկապէս յետեղեռնեան շրջանին, եւ արդար գտաւ այն կապուածութիւնը, որ ժողովուրդը կը ցուցաբերէ հանդէպ Ս Աթոռին։



Կազիանթէպի նորայայտ եկեղեցին

Կազիանթէպի քաղաքապետութեան կողմէ 2005-ին պատահականօրէն յայտնաբերուած Սուրբ Պետրոս հայկական եկեղեցին վերանորոգուեցաւ եւ վերածուեցաւ մշակութային կեդրոնի։

1915-էն ետք, Այնթապի հայ բնակչութիւնը նօսրանալով,՝ պատմական եկեղեցւոյ կալուածագիրը փոխանցուեր է Էօմեր Էրսոյ անուն անձի մը։ Եկեղեցւոյ գտնուած տարածքին դերձանի գործարան մը բանեցնող Էրսոյ ընտանիքը պատմական շէնքը օգտագործեր է իբրեւ գործարանի շտեմարան։

Եկեղեցին թէեւ կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը, բայց գործարանի տարածքին մէջ ուշագրաւ չըլլալուն համար, ճանապարհաշինութեան մը ընթացքին պատահականօրէն յայտնաբերուեցաւ։ Մշակութային եւ բնութեան արժէքներու պաշտպանութեան խորհուրդին որոշումով եկեղեցին Կազիանթէպի քաղաքապետութիւնը գնեց իր սեփականատիրոջմէ։

Կազիանթէպի Քաղաքապետ Ասըմ Կիւզելպէյ, իր մօտ ունենալով քաղաքաշինութեան բաժնի նախագահ Սեզեր Ճիհանը, յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ հրապարակեց, թէ պատմական եկեղեցին վերանորոգուած է եւ պիտի օգտագործուի իբրեւ մշակութային կեդրոն։ Հոն կարելի պիտի ըլլայ ցուցահանդէսներ եւ երգահանդէսներ կազմակերպել։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.