2009-03-30 13:15:48

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ նամակ մը յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին՝ վերահաստատելով իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ աշխատելու Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ։ Նամակը, որ կանդրադառնայ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն եւ շրջանային հարցերուն, Էդուարդ Նալբանդեանին յանձնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Սերժ Սմեսով։



Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Վարչական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին եօթը անջատ նահանգներու մէջ մրցակից թեկնածուներու եւ անոնց համակիրներուն միջեւ բախումներու պատճառով արձանարուեցան 6 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեանց նախնական արդիւնքները եկան ցոյց տալու թէ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը ճիշդ է որ յաղթական դուրս եկաւ ընտրութիւններէն բայց այս անգամ ապահոված է քուէներուն շուրջ39 առ հարիւրը որը կը նշանակէ թէ կայ յայտնի նահանջ մը,քանի որ 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապահոված էր քուէներուն 46.6 առ հարիւրը,ուստի իր առաջին մամլոյ զրոյցին Վարչապետ էրտողան յայտնեց որ ՝՝գոհ չէ ընտրութիւններու արդիւնքէն եւ թէ ընտրողները պատգամ մը յղեցին կառավարութեան որ պէտք է քննարկել՝՝. Իսկ Քրտական Կուսակցութիւնը(Ժողովրդավարական Ընկերութիւն) մեծամասնութիւն կազմած իր մարզերուն մէջ ակնյայտ յաջողութիւն արձանագրած է։



Նախաահ Օպամայի Լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեան Սարդարապատ Գրատան մէջ ։ ԿԼԷՆՏԷՅԼ-ի Սարդարապատ Գրատունը այցելած է նախագահ Պարաք Օպամայի լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանը։ Նախագահական թեկնածու Օպամայի երկամեայ ընտրապայքարի լուսանկարները՝ ՝՝Ես Ուի քէն՝՝ վերնագիրով գիրքի մը մէջ հաւաքած ու հրատարակած Թիւֆէնքճեանին հանդիպելու համար, Սարդարապատ հաւաքուած էին բազմաթիւ հայեր ու ամերիկացի բարեկամներ որոնք առիթ ունեցան լուսանկարիչին ուղղելու զանազան հարցումներ, որոնց ան տուաւ գոհացուցիչ պատասխաններ։ Լուսանկարիչը ներկաներուն ծանօթացուց Նորա Եագուպեանը։





Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ Կը Նշանակուի ՀՅԴ. Առաջարկած Թեկնածուն ։ՀՅԴ.եան թեկնածու Յարութիւն Սամուէլեան նշանակուեցաւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ։ Յարութիւն Սամուէլեան ծնած է 1943ին, ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ։ Ակադեմական ծիրին մէջ, ան Ֆրանսայի Կրոնոպլ համալսարանէն վկայուած է իբրեւ առեւտրական գիտութիւններու դոկտոր։ Մոնթրէալի Քէպէք համալսարանէն եւ Այնթուրայի Լիբանանեան-քանատական համալսարանէն վկայուած է առեւտրական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճանով։



ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ։ ՝՝Հայաստան՝՝ համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Արա Վարդարնեան Աթէնք պիտի երթայ Ապրիլի մէջ։Այս առթիւ իրեն կ՝ընկերանայ հիմնադրամի արտաքին կապերու պատասխանատու խորհրդական Հրաչ Յովհաննիսեանը։ Յունահայ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումը պիտի կայանայ Ապրիլ3-ին։ ՝՝Հայաստան՝՝ հիմնադրամի երկու պաշտօնակատարները, հանդիպումներու նպատակով պիտի երթան նաեւ Կիպրոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.