2009-03-29 14:04:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատարագը Հռոմի Մալիանայ ժողովրդապետութեան եւ կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատարագը Հռոմի Մալիանայ ժողովրդապետութեան եւ կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։



Կիրակի մարտ 29, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատարագ մատուցեց Հռոմի Մալիանա ժողովրդապետութեան մէջ եւ ապա հանդիպում ունեցաւ շրջանի հաւատացեալներու հետ։

կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Յայտնենք թէ այսօր ս. Պետրոսի հրապարակը խռնուած էր ափրիկեցի հաւատացեալներով որոնք եկած են իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու եւ զօրակցելու Սրբազան Քահանայապետին Ափրիկէ կատարած առաքելական այցելութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը գորովով ողջունեց ս. Պետրոս հրապարակը Հռոմ ապրող ափրիկէցիները։ Սիրելիներ ուզեցիք հոս հաւաքուիլ յայտնելու ձեր ուրախութիւնը եւ երախտագիտութիւնը Ափրիկէ կատարած առաքլելական ճամբորդութեանը համար։ սրտանց կ՛օրհնեմ ձեզ եւ կ՛աղօթեմ ձեզի, ձեր պարագաներուն ու ձեր երկիրներուն համար։

Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. յառաջիկայ հինգշաբթի օրը պիտի գլխաւորեմ հոգեհանգստեան պատարագը Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահայանապետին համար, իր մահուան չորրորդ տարելիցին առթիւ։ Կը հրաւիրեմ մասնաւորապէս Հռոմի երիտասարդները մասնակցելու ս. Զոհին, որպէս պատրաստութիւնը երկիտասարդութեան օրուան համար որ պիտի տօնախմբենք Ծաղկազարդի կիրակին։

Նախապէս իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւբնը յիշեցուց ներկաներուն թէ քառասնորդացի Զ. կիրակին կը պատրաստէ մեզ ապրելու Յիսուսի չարչարանաց Աւագ Շաբաթը։ Ուստի Քրիստոնեան կանչուած է մտերմութիւն հաստատել Յիսուսի հետ։ լաւ պատրաստուինք, լաւագոյնս ներթափանցելու Յիսուսի չարչարանքի խորհուրդը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը վերակոչելով Ափրիկէի առաքելական ճամբորդութիւնը ըսաւ. գոհութիւն մը մատուցանեմ Տիրոջ, որ ինծի առիթ տուաւ այցելելու Գամերուն եւ Անկոլա։ Ափրիկէցիներու ջերմ ընդունելութիւնը` ուրախութեամբ ողողեց հովիւի սիրտս ։ Իմ Սէրս ու գորովս յայտնելով ափրիկէցիներուն կը քաջալերեմ այս երիտասարդ եկեղեցին` կենսունակ, ապագայով եւ ուժականութեամբ լեցուն, հաւատքով , յոյսով ու սիրով հետեւիլ Քրիստոսի։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.