2009-03-28 09:34:36

Հայր Անդրանիկ Կռանեանի Բանախօսութիւնը Ս. Հոգւոյն Համալսարանին Մէջ


Հայր Անդրանիկ Կռանեանի Բանախօսութիւնը Ս. Հոգւոյն Համալսարանին Մէջ



Լիբանան -Երկուշաբթի 23 Մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 5։00ին, Ս. Հոգւոյն անուան համալսարանի բանախօսութիւններու սրահին մէջ խօսք առաւ գերյ հայր Անդրանիկ Ծ վրդ Կռանեան, որուն ընթացքին ներկայացուց Ս Պօղոսը եւ Հայ Ծէսը։ Յիշենք որ հայր Անրդանիկ դասախօս է նոյն համալսարանի ծիսական բաժնին մէջ։

Հայր Անդրանիկ խօսքը սկսաւ ըսելով թէ Սրբազան Քահանայպետը յայտարարծ է 2008-2009 Պօսոսի տարին, ի միտ ունենալով խնդրանը Ս Պօղոսին, որ վերադառնայ, մանաւանդ անոր առաքելական հոգին։

Հայր Անդրանիկ յիշեց նաեւ թէ Ս. Պօղոսի ծննդավայր Տարսոն քաղաքը պատմութեան ընթացքին եղած է հայկական Կիլիկիա թագաւորութեան կարեւոր քաղաքը, ուր 13-րդ դարուն եւ 22 ամեայ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին եղաւ արքեպիսկոպոս։

Ապա հայր Անրդանիկ նշեց ծիսական օրացոյցի մէջ երեք տօները, որ կը յիշէ Ս. Պօղոսը Ս. Պետրոս եւ Պօղոսի տօնը, Առաքելոց տօնը եւ աշակերտաց տօնը։

Ապա, բանախօս հայրը ներկայացուց գործածութիւնը Պօղոսի նամակներու ընթերցումներուն, ինչպէս նաեւ յիշեց շարականներու մէջ հիւսուած աղօթքները Պօղոսի մասին, անոր օրինակով աճող քրիստոնեաներուն աղօթքը առ Աստուած։

Խօսքի աւարտին, հայր Կռանեան ըսաւ թէ հայերը Ս. Պօղոսի նման, որ զինք կոչած են փող Տարսոնի, եղած են խաչապաշտ՝ կարդալով խաչապաշտ Պօղոսի թուղթերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.