2009-03-27 10:09:05

Հայկական Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Հայկանուշ Դանիելեան


Հայկական Երաժշտութիւն Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Հայկանուշ Դանիելեան

Հայկանուշ Դանիելեան ծնած է Թիֆլիս 1893-ին. Իր նախնական ուսումները աւարտելէ ետք տեղական դպրոցին մէջ` կը մեկնի Փեթրոկրատ, ուր կ՛ուսանի երաժշտութիւն, Իրեցկայի ղեկավարութեան ներքեւ։ 1920-ին արդէն կ՛աւարտէ Փեթրոկրատի Գոնսերվաթորիան, ու կը սկսի հանդէս գալ զանազան համերգներու մէջ։

1922-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը մեներգէ քաղաքի Օփերային եւ պալլէի պետական թատրոնին մէջ։ Շառա Տալեանի հետ զանազան օփերաներու կը մասնակցի, եւ այդ առթիւ կ՛երթայ նաեւ Լենինական քաղաքը – այժմու Կիւմրին -։

1932-ին` կը հաստատուի Երեւան եւ կը սկսի աշխատիլ Պետական օփերայի թատրոնին մէջ։ Իսկ 1943-51 կը դասաւանդէ երաժշտութիւնը Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ։ 1949-52 կ՛ըլլայ նաեւ տեսուչ Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցին։ Ամէն կողմ ան գնահատուեցաւ իր բիւրեղային ջինջ ձայնին, ինչպէս նաեւ իր արտայայտման նրբութիւններուն համար։

Իր կատարած դերերուն մէջ յիշենք Ճիլտա, Վիոլեթթա եւ Դեզտեմոնա, Ճուզեփփէ Վերտիի Ռիկոլեթթօ, Թրավիաթա եւ Օթելլօ Օփերաներուն մէջ. Ռոսսինիի` Սեվիլիայի սափրիչը Օփերայէն` Ռոզինայի դերին մէջ, Կունոյի Ֆաուստի Մարգարիտի դերը, եւ Արմէն Տիգրանեանի Անուշի դերին մէջ։

1946-ին իրեն կը շնորհուի պետական մրցանակ զանազան դերերու մէջ գերազանց դերակատարում յառաջացուցած ըլլալով։ Ան եղած է վարպետ հայկական վոքալիզի արուեստին, ինչպէս նաեւ հայերէն երգերու նուրբ ու հարազատ մեկնաբանող։ Ազգային երաժշտութեան մէջ ան փայլած է գլխաւորաբար երաժշտական գոյներու ուժգնութեամբ, վեր հանելով անոնց ինքնատիպ գեղեցկութիւնը։

Յիշենք պարզապէս այն երգերը որոնց մէջ յատուկ կերպով կը զգացուի ազգային շունչը եւ մեղեդիական նրբերանգը. Կոմիտասի երգերէն` Ալագեազ բարձր սար ա, Ծիրանի ծառ, Քելէ քելէ, Քելեր ցոլեր, Էս առուն. Սպենդիարեանի երգերէն` Առ սիրուհիս, Թաթարական օրօրոցային. Ռոմանոս Մելիքեանի երգերէն` Սեւ կաքաւիկ, Շափաղ կու տաս, Ծիլա ծիլա։ Իսկ մեկնաբանութեան տեսակէտէ իր գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ Ծիծեռնակ երգը։

Հայկանուշ եղած է նաեւ ազգային դէմք եւ ընտրուած է երեսփոխան Գերագոյն Սովետի, առ նուազն երեք անգամ։ Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանով ալ վարձատրուած է։ Իսկ այսօր Երեւանի երաժշտական դպրոցներէն մին կը կոչուի իր անունով։

Իր ձայնը համազօր է բարձր Սօփրանոներուն եւ անոր հնչեղականութիւնը կարելի է ըսել թէ մնացած է տակաւին անգերազանցելի։ Ան գեղարուեստական կատարելութեամբ եւ հազուագիւտ վարպետութեամբ կը յաջողի իրեն յանձնուած բոլոր երգերու մէջ` մատուցանել լաւագոյն արտայայտութիւնը։ Բոլոր մարզերուն մէջ հաւասարապէս փայլած է Դանիելեան, Օփերայէն մինչեւ ազգային տոհմիկ երգերը։

Գոհար Գասպարեանէ եւ Լուսինէ Զաքարեանէ առաջ` եւ անոնց իբրեւ տիպար երգչուհի, հայկանուշ Դանիելեան հանդիսացաւ մեր 20-րդ դարու առաջին կէսի իսկական սոխակը, որ իր ձայնով հմայեց իր բոլոր ունկնդիրները։

Ան մեռաւ Երեւանի մէջ, 19 ապրիլ 1958-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.