2009-03-27 13:14:51

Լուրեր հայ աշխարհէն

Միացեալ Նահանգներ-Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդներու Գիտաժողով


Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդներու խորհուրդին, Կիրակի, Մարտ 29ին տեղի պիտի ունենայ աննախընթաց գիտաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին շրջանի հայկական երիտասարդական բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։ Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Փըսիֆիք համայնքային կեդրոնին մէջ, իսկ համադրողն է Կլէնտէյլի քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան։

Կակնկալուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին գործող աւելի քան 20 հայկական կազմակերպութեանց մասնակցութիւնը։ Այս առթիւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները պիտի քննեն Միացեալ Նահանգներու հայ երիտասարդութիւնը յուզող եւ մշակութային պահպանութեան, քաղաքական գործունէութեան, կրթական ու ընկերային հարցերու առնչուող մտահոգութիւններ, անոնց մասին կարծիքներ փոխանակելով։ Սոյն Գիտաժողովը ունի որպէս նպատակ ՜՜ հայկական գլխաւոր կազմակերպութեանց ծանօթացնել հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած իրականութիւնները, միաժամանակ նոր սերունդին առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ երկխօսութեան մը սկիզբը դնել՝՝ այսպէս կը յայտնէ ՀՅԴ Երիտասարդական խորհուրդի ատենապետը Միքօ Մելգոնեան։

Մասնակից կազմակերպութեանց շարքին են՝ Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութիւն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն, ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժները, Միացեալ երիտասարդ հայեր, Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդաց խմբակ, ՀՅԴի Պատանեկան միութիւն, Հայ աւետարանական երիտասարդաց միութիւն, Ալֆա Էփսիլոն Օմէկա հիմնարկ, Կայծ երիտասարդական միութիւն, Միացեալ հայ ուսանողներ, ՀՄԸՄ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանց, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց կազմակերպութիւն, Ալֆա Էփսիլոն Օմէկա եղբայրութիւնը եւ Շանթ ուսանողական միութիւնը։ ՀՅԴ Երիտասարդական խորհուրդը կազմուած է 2007ին՝ ունի գլխաւոր նպատակ ծառայել հայ երիտասարդութեան, մատուցելով դաստիարակչական ու խորհրդատուական սպասարկութիւններ։



Մայր Տաճարի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն Լուսաւորիչին Մասունքներու թափօրով ։

Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առիթով,Ուրբաթ 27 Մարտ 2009-ին, Հայրապետական Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ եւ հանդիսաւոր թափօրով Մայր տաճար բերուեցաւ հայոց հաւատքի հայր Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները։



ֆրանսա։

Հայազգի Լեւոն Արոնեան երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը խլէ Նիսի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի Ամբեր մրցաշարի ախոյեանութիւնը։ Ան 14 միաւորով տիրացաւ ախոյեանութեան արձանագրելով մրցաշարի լաւագոյն արդիւնքը։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.