2009-03-26 10:06:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետին ուսուցումը ՛՛Աւետման տօն՛՛ խորհուրդին մասին` Խոնարհ եւ ծածուկ դէպք մը եւ սակայն մարդկութեան համար վճռական։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետին ուսուցումը ՛՛Աւետման տօն՛՛ խորհուրդին մասին` Խոնարհ եւ ծածուկ դէպք մը եւ սակայն մարդկութեան համար վճռական։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը Ս. Կոյս Մարիամի Աւետման տօնը կ՛որակէ որպէս հաւատքի սքանչելի խորհուրդ։ Դէպք մը որ Սրբազան Հայրը կը սահմանէ որպէս խոնարհ եւ ծածուկ, սակայն միաժամանակ վճռական բնոյթ ունեցաւ մարդկային պատմութեան համար։ Ս. Կոյս Մարիամ իր ՛՛Այո՛՛ովը, տրուած Գաբրիէլ հրեշտակապետի աւետումին պահուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, սկիզբ առաւ պատմութեան նոր դարաշրջանը, որ կնքուեցաւ Քրիստոսի Զատիկով` չարչարանքով ու յարութեամբ, որպէս նոր եւ յաւիտենական Ուխտ։

Լիբանանի մէջ Ս. Կոյս Մարիամի Աաւետման տօնը դարձաւ կառավարութեան հրահանգով ազգային տօն ուր քրիստոնեաները ու մահմետակաները միասնաբար կը մեծարեն ամենասուրբ եւ միշտ Կոյս Մարիմաը եւ այսպէսով Ս. Կոյս Մարիամը կը դառնայ խորհրդանիշը ազգային տօնակատարութեան։



Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի թղթածրարը` Եկեղեցւոյ յանձնառումը աղքատներու ի խնդիր։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետի Գամերուն եւ Անկոլա կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետք, Եկեղեցւոյ հայացքը ուղղուած է Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի, որուն աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ հոկտեմբեր 4-25։ Անցեալ մարտ 19-ին Սրբազան Քահանայապետը Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն պաշտօնապէս յանձնեց սիւնոդոսի թղթածրարը, Եաունտէի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ սիւնոդոսական հայրերը աճեցնեն յոյսը Ափրիկէի ժողովուրդներուն եւ նոր սլացք մը տան աւետարանական քարոզութեան ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Արդարեւ սիւնոդոսի թղթածրարը ի յայտ կը դնէ Ափրիկէի դրական ու ժխտական երեւոյթները ընդգծելով թէ բարիքը միշտ ծածուկ կը մնայ սակայն անոր ազդեցութիւնը աւելի զօրաւոր է չարիքէն։ Թղթածրարը կը քաջալերէ քրիստոնեաները որ արի կեցուածք ունենան եւ Յիսուսի հետ ապրին հալածանքը, նախատինքը եւ զրպարտութիւնը։ Վաւերաթուղթը կ՛եզրսափակուի աղօթքով մը ուղղուած Աստուածամօր` պահապանը Ափրիկէի եւ անոր օգնութեամբ քրիստոնեաները դառնան յարուցեալ Քրիստոսի վկաները ու ընկերութեան համար դառնան երկրի աղը ու աշխարհի լոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.