2009-03-26 07:34:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ



Կիպրոսի նախագահը այցելութիւն պիտի տայ Սրբազան Քահանայապետին

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմիդրիս Քրիսդտոֆիասին յառաջիկայ մարտ 27-ին։

Իսկ մարտ 26ին Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Խազախիստանի հանրապետութեան նախագահը` Նուրսուլդան Նազարպաեւ



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ընկերային շրջաբերական թուղթը պատրաստ է։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընկերային շրջաբերական թուղթը արդէն պատրաստ է եւ մենք կը յուսանք որ լոյս կը տեսնէ մայիս ամսոյն մէջ, հաստատած է կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, մամուլին հետ իր ունեցած ելոյթով։ Ան յայտնեց թէ վերոյշեալ շրջաբերական թուղթը նախատեսուած էր 2007-ին համար ի յիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետին Populorum progressio հանրածանօթ շրջաբերական թուղթին 40րդ տարեդարձին առթիւ, սակայն վաւերաթուղթը ուշացաւ համապատասխանելու ներկայ տնտեսական տագնապին։



Յիսուսեան հայր ֆետերիգօ Լոմպարտի, Վատիկանի բանբերը, կ՛ողջունէ կնոջ վերարժէքաւորումը Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։



Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի գնահատումով, հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի եւ կնոջ արժանաւորութիւնը պաշտպանող կաթողիկէ շարժումներու միջեւ, Անկոլայի Լուանտա մայրաքաղաքին մէջ, ս. Անտոնի ժողովրդապետութեան մէջ, յատկանշեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Ափրիկէի։ Նորին Սրբութիւնը, ըսաւ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, այդ նախաձեռնութեամբ ուզեց վերարժէքաւորել կինը ընկերութեան ու Եկեղեցւոյ մէջ. անոր մէջ ճանչնալով կեդրոնական դերը ափրիկեան ցամաքամասի զարգացումին ու բարգաւաճումին։

Նոյնպէս Վատիկանի մամլոյ գրասենակի տնօրէնը հաստատեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Ափրիկէ տեղի ունեցաւ յոյսի եւ իրապաշտութեան նշանով։ Սրբազան Հայրը ի յայտ դրաւ Ափրիկէի մեծ հարցերը եւ միաժամանակ հրաւիրեց Ափրիկէի ժողովուրդները հեռուն նայիլ քրիստոնեական հայացքովու լոյսով։ Յոյսի այս պատգամը թէեւ յատուկ է բոլոր քրիստոնեաներուն սակայն Ափրիկէի համար յատուկ իմաստ ունի։ Ափրիկէի մէջ կան ողբերգական հարցեր։ Եկեղեցին կ՛ուզէ օգնել ափրիկէի ժողովուրդներուն դուրս գալու այս խնդիրներէն եւ սատարելու անոր յառաջդիմութեան ու բարգաւաճումին։



Վատիկանի արտգործնախարար` գերապայծառ Մամբերթին արդիւնաբեր այցելութիւն մը կատարած է Մոսկուայի պատրիարքութեան։

Ս. Աթոռի եւ Ռուս Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները եղան կեդրոնը հանդիպումին որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի մարդ 24ին գերապայծառ Մամբերթիի եւ իր պաշտօնակից գերապայծառ Մարք Էկոր եւսքոյի միջեւ։ Գերապայծառ Մարքը ընդգծեց կարեւորութիւնը որ Իտալիոյ Պարիի ս. Նիկողայիոսի վերայանձնումը ռուս եկեղեցւոյ։ Այս յանձնումը տեղի ունեցաւ անցեալ մարտ 2ին, ներկայութեամբ Իտալիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներու։

Ս. Աթոռի եւ Մոսկուայ եկեղեցւոյ երկու պատուիրակութիւններու գնահատումով հանդիպումը տեղի ունեցաւ բարեկամական ու դրական մթնոլորտին մէջ։ Երկու եկեղեցիները մտադիր են միասնաբար գործակցիլ Եւրոպայի ու միջազգային մարմիններու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.