2009-03-26 07:48:12

Լուրեր հայ կեանքէն - ՝՝Լինսի՝՝ հիմնադրամը 250,000 Տոլար կը Նուիրէ Երեւանի Հայ -Ամերիկեան Առողջապահական Կեդրոնին։


Լուրեր հայ կեանքէն - ՝՝Լինսի՝՝ հիմնադրամը 250,000 Տոլար կը Նուիրէ Երեւանի Հայ -Ամերիկեան Առողջապահական Կեդրոնին։ Բարերար Քըրք Քըրքորեանի ՝՝Լինսի՝՝ հիմնադրամը,( որ կը գործէ Քալիֆորնիոյ Պէվըրլի Հիլզ շրջանին մէջ) 250 հազար տոլար նուիրած է Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան, որպէսզի ընկերակցութիւնը իրականացնէ Երեւանի մէջ Հայ-ամերիկեան առողջապահական կեդրոնը նորոգելու, ընդարձակելու եւ զայն աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու նպատակները։ ՀԱԱԿ-ը հիմնուած է 1997ի Ապրիլին եւ մինչեւ 2008ի Դեկտեմբեր, զանազան միջոցներով սպասարկած է հարիւրաւոր հիւանդներու, բարելաւած է 3200 կիներու առողջական վիճակը։ ՀԱԱԿ-ի հիմնադիրներէն Ռիթա Պալեան երախտագիտութեամբ ընդունած է դրամական օժանդակութիւնը՝ նշելով, որ վերանորոգութիւնը պէտք է աւարտի մինչեւ յառաջիկայ Հոկտեմբեր։Վերանորոգութեան ընդհանուր ծախսերը գնահատուած են 5.5 միլիոն տոլար, որուն մէկ մասը յատկացուած է Միացեալ Նահանգներու պետութեան մարդասիրական սպասարկութեան (USAID) կողմէ։ Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութիւնը կը յուսայ մնացեալ 750 հազար տոլարը ձեռք բերել հայկական զանազան հիմնադրամներէն եւ անհատներէն, որոնք անտարբեր չեն մնար Հայաստանի մէջ առողջապահական հարցերու նկատմամբ։



Արմէն Մարտիրոսեան՝ ՄԱԿ-ի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնախումբի Նախագահ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը Մարտ 23ին տեղեկացուց, թէ Մարտ 13ին կայացած ՄԱԿ-ի Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 54րդ նստաշրջանի առաջին նիստին տեղի ունեցած են յանձնախումբի նոր նախագահի ու բիւրոյի ընտրութիւններ։ Սոյն նիստին ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանը երկու տարուան ժամկէտով ընտրուած է ՄԱԿ-ի Կանանց կարգավիճակի յանձնախումբի նախագահ։Փոխնախագահներ ընտրուած են՝ Ռոպերթօ Սթորաչի (Իտալիայէն), Թաքաաշի Արշիքի (Ճափոնէն) եւ Լէյսա Սօուն (Սենեկալէն)։








All the contents on this site are copyrighted ©.