2009-03-26 07:40:59

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Վեր.Դոկտ Ռընէ Լեւոնեանը


Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Վեր.Դոկտ Ռընէ Լեւոնեանը



Լիբանան - Հայկազեան համալսարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ վեր. դոկտ. Ռընէ Ներսէս Լեւոնեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։

Շուրջ ժամ մը տեւող այս հանդիպման ընթացքին, վեր. Լեւոնեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ վերջին 15 տարուայ Հայ Աւետարանական եկեղցեւոյ տարբեր կրօնական, ընկերային, բարեգործական եւ մշակութային ծրագիրներուն մասին, շեշտը դնելով Աստուածաբանական Ակադեմիայի վրայ, որ կը պատրաստէ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորականները եւ քարոզիչները։ Ան իր մտահոգութիւնները յայտնեց վերջերս Ազգային Ժողովի մէջ արծարծուած խղճի ազատութեան եւ կրօնքներու վերաբերեալ նոր նախագիծի մասին, որ ըստ հիւրին կրնայ ստեղծել դժուարութիւններ եւ անհանդուրժողականութիւն հասարակական կարգերէն ներս, սակայն աւելցնելով թէ միայն երկխօսութեամբ կարելի է դիմագրաւել այդ խոչընդոտները։ Իր կարգին, Ամեն Հոգեւոր Տէրը յայտնեց իր մտահոգութիւնները անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ քաղաքկան լարուած իրավիճակի մասին խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին, շեշտելով ժողովուրդին շահը հետապնդելու հրամայականը, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային հարցերով տագնապող ընկերութեան կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.