2009-03-26 12:48:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՔԼԻՆԹԸՆ ՈՒՂԵՐՁ ՄԸ ԿԸ ՅՂԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ։

Երէկ միօրեայ այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Մեթիու Պրայզա, որ հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Պրայզա Է. Նալբանդեանին փոխանցած է Հիլըրի Քլինթընի ուղերձը, ուր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններուն, շրջանային հարցերուն եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւններուն։



ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ։ 25 մարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հանրային խորհուրդի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, Ազգային ժողովրդավարական միութեան նախագահ Վազգէն Մանուկեան ըսած է, թէ Հանրային խորհուրդը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի ապագային համար եւ պիտի ստեղծէ երկկողմանի կապ՝ իշխանութեան եւ հանրութեան միջեւ։ Վ. Մանուկեան նշած է, որ Հանրային խորհուրդը տակաւին ամբողջութեամբ ձեւաւորուած չէ։ Ըստ կանոնադրութեան, անիկա բաղկացած պէտք է ըլլայ 36 հոգիէ։ Հանրային խորհուրդի առաջին 12 անդամները կը նշանակուին Հայաստանի նախագահին կողմէ, յաջորդ 12-ը կ՝ընտրուի հասարակութեան կողմէ, իսկ մնացեալ 12-ը՝ արդէն ընտրուած 24 անդամները։ Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, մինչեւ 18 ապրիլ պիտի կազմաւորուին տարբեր մարզերով զբաղող 12 յանձնախումբեր, որոնց նախագահները պիտի ըլլան հասարակութեան կողմէ ընտրուած Հանրային խորհուրդի 12 անդամները։

Երբ արդէն խորհուրդի 36 անդամները ընտրուած ըլլան, Հայաստանի նախագահը՝ Հանրային խորհուրդի նախագահը պիտի նշանակէ։ Հանրային խորհուրդի կազմաւորման առաջին փուլը մեծ հաւանականութեամբ 1 մայիսին պիտի աւարտի։



Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Մարք Քըրք շրջանառութեան մէջ դրած են նամակ մը, որով իրենց գործընկերներուն կոչ ուղղած են միանալու 2010 թուականի պիւտճէի նախագիծին օտարերկրեայ օգնութեան բաժինին մէջ՝ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող յօդուածներով տրամադրուող աջակցութիւնը աւելցնելու նախաձեռնութեան։ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը փոխանցէ, որ 24 մարտին տարածուած նամակով Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները առաջարկած են Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը աւելցնել՝ 2009 թուականին նախատեսուած 48 միլիոն տոլարէն հասցնելով 70 միլիոն տոլարի, իսկ իբրեւ զինուորական աջակցութիւն ծրագրուող 3,3 միլիոն տոլարին փոխարէն՝ նախատեսել 5 միլիոն տոլար։



ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանի օրէնսդիր խորհուրդը երէկ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկատէ ՝՝մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրներէն մէկը՝՝։

Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր օրէնսդիր խորհուրդին մէջ ազատական ընդդիմութեան ղեկավար Տէյվիտ Ռիճուէյի կողմէ, երկրորդուեցաւ օրէնսդիր խորհուրդին մէջ իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Պեռնարտ Ֆինիկընի կողմէ եւ որդեգրուեցաւ առանց ընդդիմութեան։



Մինչեւ 2020 Երեւանի Մէջ Պիտի Վերակառուցուին 40 Յուշարձաններ։

Ըստ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեանի, մայրաքաղաքի պատկան մարմիններու յառաջիկայ տասնամեակի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ շուրջ 40 պատմական յուշարձաններու վերականգնումը։ Երեւանի գինիի գործարանին կողքը գտնուող Կարմիր կամուրջի վերականգնումը, այս մեծածաւալ ծրագրին առաջին քայլը պիտի դառնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.