2009-03-25 12:38:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ։Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Յանձնաժողովի Պատուիրակութեան Ղեկավար, դեսպան Ռաուլ տը Լուցենպերկերը եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստան ժամանած Խորհրդատուական խմբակի անդամները։

Եւրոպական Միութեան խորհրդատուներու խմբակի նպատակն է խորհրդատուական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի պետական մարմիններուն՝ քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու ծիրին մէջ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան գործողութիւններու ծրագիրը լաւագոյնս կատարելու համար։

Իսկ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորուող Լրագրողներու Ցանց ծրագիրի ծիրին մէջ, Միջին Արեւելքէն Հայաստան ժամանած մօտ 30 լրագրողներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները եւ անոնց խորացման հեռանկարները։



Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու փոխադրութեան նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 25-27 մարտին՝ Երեւանի մէջ։ Հանդիպումին պիտի մասնակցին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններէն՝ Պուլկարիան, Վրաստանը, Յունաստանը, Մոլտաւիան, Ռումանիան, Ռուսիան, Սերպիան, Թուրքիան եւ Ուքրանիան։



1 ապրիլէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ պիտի սփռուին հայերէն ձայնասփիւռային հաղորդումներ։ Ըստ ՝՝Նոյեան Տապան՝՝ լրատու գործակալութեան, թրքական Սի. Էն. Էն-Թիւրքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի այս որոշումը կապուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ ապրիլի սկիզբը Թուրքիայ կատարելիք այցելութեան հետ, որմէ առաջ Թուրքիա ուզած է դրական քայլ մը առնել։ Այդ նպատակով հայերէն ձայնասփիւռի հաղորդումները պիտի սկսին ոչ թէ յունիսին, ինչպէս նախատեսուած էր, այլ՝ 1 ապրիլին։ Թրքական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ այդ քայլը կրնայ դերակատարութիւն ունենալ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ներկայացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունումը կասեցնելու գործին մէջ։ Հայերէն ձայնասփիւռի հաղորդումները մինչեւ յունիս պիտի սփռուին ՝՝Թուրքիոյ Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանէն։



ԸՍՏ ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՄԸ ՕՊԱՄԱՅԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆԽԱՒ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Է։ Թրքական ՝՝Թուտէյզ Զաման՝՝ օրաթերթը իր երէկուան թիւով լոյս ընծայեց Քերիմ Պալճըի ՝՝Թրքական-ամերիկեան-հայկական եռանկիւնին վրայ կանխարգելական ժեսթեր՝՝ խորագիրով յօդուածը։ Յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ Օպամայի այցելութիւնը պիտի զուգադիպի Պոլսոյ մէջ 6-7 ապրիլին նախատեսուած Քաղաքակրթութեանց Դաշինքի երկրորդ համախմբումին։ Սպանացի դիւանագէտներ կը հաւաստեն, որ Օպամա իրականութեան մէջ համախմբումին համար կուգայ։ Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներ տակաւին անդամ չեն դաշինքի բարեկամներու խմբակին եւ հաւանաբար երբեք ալ պիտի չըլլան, որովհետեւ համախմբումին եւրոպական ուղղուածութիւնը քաջածանօթ է եւ համաշխարհային խաղաղութեան մասին անոր տեղեկագիրները լեցուն եղած են իսրայէլեան քաղաքականութեանց դէմ բացայայտ քննադատութեամբ։ Ըստ Քերիմ Պալճըի, Օպամայի այցելութեան համար աւելի լաւ բացատրութիւն մըն է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ներկայացուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը։



Թուրքիոյ մէջ Իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ նախարարի այցելութիւնը՝Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը։

Թրքական ՝՝Ուըրլտ Պուլեթին՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար Հայաթի Եազըճը երկուշաբթի օր այցելած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը։ Պոլսոյ ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցին այցելելէ ետք պետական նախարար Եազըճը հանդիպում ունեցած է Պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի ատենապետ Արամ Արք. Աթեշեանի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.