2009-03-24 13:53:00

Քրիստոնէականի ուսուցում\ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները – Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը


Քրիստոնէականի ուսուցում\ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները – Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը



276-Ո՞ւր է Ս. Հաղորդութեան տեղը փրկութեան աստուածային տնտեսութեան մէջ։

Հին Ուխտին մէջ տնուող Ս. Հաղորդութեան նախապատկերը յատկապէս զատկական տարեկան ընթրիքն է, զոր Եբրայեցիները ամէն տարի բաղարջ հացով կը տօնեն, ի յիշատակ Եիպտոսէն իրենց յանկարծուստ եւ ազատարար մեկնումին։ Յիսուս Իր քարոզներուն մէջ զայն աւետելէ ետք, զայն հաստատեց Իր Առաքեալներուն սարքած վերջին Ընթրիքին պահուն, զատկական ճաշին ընթացքին։ Եկեղեցին ալ, հաւատարիմ մնալով Տիրոջ տուած հրամանին, թէ ասիկա կատարեցէք յիշատակիս համար (1 Կոր 11, 24) Գոհաբանութեան Խորհուրդը միշտ տօնակատարեց յատկապէս Կիրակի՝ Յիսուսի Յարութեան օրը։



277-Գոհութեան ծիսական հանդիսակատարումը ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ։

Ան կ՛ընթանայ երկու մասերով, որոնք պաշտամունքային մէկ արարք կը գոյացնեն - Խօսքի ծիսակատարումը, որ կը բաղկանայ Աստուծոյ Խօսքին հռչակումով եւ անոր ունկնդրութեամբ - Գոհութեան ծիսակատարումը, որ կը բաղկանայ հացի եւ գինիի ընծայումով եւ վերակոչումի աղօթքով, որուն մաս կը կազմեն սրբագործումը եւ ճաշակումը։



278-Ո՞վ է Գոհութեան Խորհուրդին պաշտօնատարը։

Ան վաւերականօրէն ձեռնադրուած Եպիսկոպոսը կամ քահանան է, որ կը գործէ Քրիստոս-Գլուխի Անձին միջոցով եւ Եկեղեցիին անունով։



279-Որո՞նք են Գոհութեան Խորհուրդին էական եւ անհրաժեշտ տարրերը։

Անոնք ցորենի հացը եւ որթատունկի գինին են։



280-Ի՞նչ իմաստով Գոհութեան Խորհուրդը Քրիստոսի զոհաբերումին յիշատակումն է։

Այն իմաստով որ Գոհութեան Խորհուրդը ներկայութիւն կը դարձնէ եւ կ՛այժմէագործէ Քրիստոսի խաչին վրայ մի անգամ ընդ միշտ մարդկութեան համար Հօր մատուցած զոհաբերումը։ Գոհութեան Խորհուրդին զոհաբերական բնոյթը կը պարզուի անոր հաստատումին խօսքերէն. Ասիկա մարմինս է զոհուած բազմութեան համար եւ Այս բաժակը նոր Ուխտն է Իմ արիւնովս, որ կը հոսի ձեզի համար (Ղկ 22, 19-20)։ Խաչի զոհը եւ Գոհութեան զոհը միակ եւ նոյն զոհն են։ Զոհը եւ զայն նուիրողն եւս՝ նոյն անձն են, միայն զայն մատուցանելու կերպը կը տարբերի իրարմէ։ Խաչին զոհը արիւնալի է, իսկ Գոհութեան զոհը անարիւն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.