2009-03-24 13:53:19

Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ


Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ



Պէյրութ - Կիրակի, 22 մարտ 2009-ի առաւօտեան, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան։ Ան նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ արքայութիւնը գանձ մըն է եւ իր գինը ունի, զայն ունենալու համար բան մը պէտք է տանք։ Ան աւելցուց, որ հոգեւոր արժէքներու պահպանման համար նիւթականը պէտք է զոհենք՝ հաստատելով միաժամանակ, թէ Մեծ պահքի ժամանակ երբ ժողովուրդը կը հրաւիրուի ապաշխարութեան, ապա այդ մէկը ժուժկալութիւն, հաւասարութիւն, չափաւորութիւն է նիւթական սանձարձակութեան դիմաց։

Սրբազանը յորդորեց ներկաները դաս քաղելու Մեծ եղեռնէն վերապրած մեր պապերէն, որոնք պահեցին հաւատքը եկեղեցւոյ մէջ, որ հայութեան ամբողջ գոյութիւնը կը խորհրդանշէ։ Երբ հայը իր հաւատքը կորսնցնէ, իր ազգութիւնը կը կորսնցնէ, շեշտեց Գեղամ եպս. Խաչերեան՝ նշելով միաժամանակ, որ հայը եկեղեցւոյ մէջ հայ մնացեր է եւ քրիստոնէութիւնը հայութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ հաւատքով պահուեր է։ Մեր հաւատքը մեր գանձին պահապանն է արժէքները զոհողութեամբ կը պահուին, եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը։

Աւարտին Գեղամ եպս. Խաչերեան յայտարարեց, թէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան առիթով խնդրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ եկեղեցւոյ մէջ երկարամեայ տարիներու ծառայութիւն մատուցած Յարութիւն քհնյ Կոստանեանին շնորհել Աւագ քահանայի կարգ՝ յատուկ կոնդակով։ Առ այդ, առաջնորդ սրբազանը կարդաց վեհափառին շնորհած կոնդակը եւ զայն յանձնեց Յարութիւն քհնյ. Կոստանեանի։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.