2009-03-24 12:22:13

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՕՊԱՄԱՅԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ ԱՅՆ ՓԱՍՏԸ, ՈՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է (Կ՝ԸՍԷ ՆԵՆՍԻ ՓԵԼՈԶԻ)։

՝՝Նոյեան Տապան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ գերմանական լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Նենսի Փելոզի յայտարարած է, որ ՝՝Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը պիտի չփոխէ այն իրողութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է՝՝։ Թրքական մամուլը, իր կարգին, ուշադրութիւն դարձնելով այն հանգամանքին վրայ, որ Նենսի Փելոզիի այդ խօսքերը կը հնչեն Պարաք Օպամայի՝ ապրիլի սկիզբը Թուրքիա կատարելիք այցելութենէն առաջ, կը գրէ, որ 2007 թուականի հայկական օրինագիծը Ճորճ Պուշի վարչակազմին ճնշման պատճառով քուէարկութեան չդրուեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան լիագումար նիստին ընթացքին, հակառակ անոր որ Նենսի Փելոզի այդ ժամանակ եւս կը պաշտպանէր այդ տեսակէտը։



Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչ, անցեալ շաբաթավերջ յոյս յայտնած է, որ 31 մայիսին Երեւանի աւագանիի (քաղաքապետական խորհուրդ) ընտրութիւնները ազատ եւ արդար անցնին։

Եովանովիչ ընտրութիւններու կայացման շուրջ խօսած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ հանդիպման ընթացքին։



ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀ ԿԵՐԹԱՅ ։Սայտայի պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին մուտքին պատահած պայթում մը երէկ թիրախ դարձուց Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպանի տեղակալ Քամալ Միտհաթը եւ անոր երեք թիկնապահները։ Քամալ Միտհաթի սպանութեան վայրը ժամանեց նախ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապպաս Զաքի, որմէ ետք Լիբանանի մէջ Ալ-Ֆաթահի ընդհանուր քարտուղար Սուլթան Ապու Այնէյն։



ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՐՆԱՅ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ։ Եւրոպական խորհուրդի տեղական եւ շրջանային իշխանութիւններու համախմբումի նախագահ Եան Միքլեֆ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած՝ յատկապէս Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցմահ պաշտօնավարութեան հեռանկարին առնչութեամբ՝ յայտարարելով, որ ՝՝ատիկա կրնայ երկիրը դէպի բռնապետութիւն առաջնորդել՝՝։



Հայաստանի Լուսանկարիչներէն Ռուբէն Մանգասարեան՝ Յանկարծամահ։

Հայաստանի լաւագոյն լուսանկարիչներէն Ռուբէն Մանգ՝ասարեան անցեալ Շաբաթ օր յանկարծամահ եղած։ Մեր ապրած նորագոյն շրջանի պատմութեան լուսանկարչական հոյակապ փաստագրութիւնը ստեղծած երիտասարդ լուսանկարիչը ՝՝Նէշընըլ Ճիոկրաֆիք՝՝ յայտնի ամսագրի հայերէն տարբերակի խմբագիրն էր։ Լուսանկարիչին գործերը՝ Արցախի ազատագրական մարտերէն մինչեւ մեր օրերու իրականութենէն անմոռանալի պահեր պատկերող, տեղ գտած են միջազգային մամուլին մէջ։ Ռուբէն Մանկասարեան արժանացած է իր մասնագիտութեան մէջ բազմաթիւ մրցանակներու

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ։ Խումբ մը սէուտացի կրօնաւորներ Սէուտական Արաբիոյ տեղեկատուութեան նոր նախարարին կոչ ուղղեցին պատկերասփիւռի պաստառներէն, պարբերաթերթերէն եւ օրաթերթերէն կիներու ցուցադրումը արգիլելու՝ յստակ դարձնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ կարծր դիրքորոշման տէր կրօնական հաստատութիւնը դէպի արդիականացում նոր մղումին նկատմամբ ժխտական է։

35 կրօնաւորներու խմբակ մը յայտարարութեան մը մէջ 14 փետրուարին Ապտալլա թագաւորին կողմէ նախարար նշանակուած Ապտել Ազիզ Խոժային նաեւ կոչ ուղղեցին արգիլելու պատկերասփիւռէն երաժշտութիւն նուագելն ու ցուցադրելը։ Սէուտացի ոեւէ կին, ինչ ալ ըլլայ պատճառը, պէտք չէ պատկերասփիւռէն երեւի։ Սէուտական օրաթերթերուն եւ պարբերաթերթերուն մէջ կիներու պատկերներ պէտք չէ երեւին, (կըսեն անոնք)։ Իսլամութեան Ուահապական թեւը տարբեր սեռերու մէկտեղումը կարգիլէ եւ կը հաւատայ, թէ երաժշտութիւն նուագելը կը բռնաբարէ կրօնական արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.