2009-03-23 12:47:06

Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Անկոլա։ Ողջերթի արարողութիւնը ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահին, երկրի պետական ու եկեղեցական իշխանութիւններու։ Եւ մեկնում դէպի Հռոմ։


Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Անկոլա։ Ողջերթի արարողութիւնը ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահին, երկրի պետական ու եկեղեցական իշխանութիւններու։ Եւ մեկնում դէպի Հռոմ։



Երկուշաբթի` մարտ 23, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.30ին մեկնեցաւ Անկոլայէն Հռոմ։

Ողջերթի արարողուիթեան մասնակցեցան երկրի հանրապետութեան նախագահը, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւնները ու եկեղեցական իշխանութիւնները։

Սրբազան Հայրը իր արտասանած ճառին մէջ իր գոհունակութիւնը ու երախտագիտութիւնը յայտնեց երկրի իշխանութիւններուն, եկեղեցականներուն ու ճամբորդութեան պատասխանատուներուն, որոնց վեհանձնութեան ու նուիրումին շնորհիւ սատարեցին այցելութեան յաջող ելքին։

Գոհութիւն կը մատուցանեմ Աստուծոյ որովհետեւ գտայ ողջ եկեղեցի մը որ հակառակ դժուարութիւններու, խանդավառ` խաչը ուսը առած իր եւ ուրիշներու տառապանքը կը տանի վկայութիւն տալով փրկարար զօրութեան աւետարանի պատգամին։ Ան կը շարունակէ քարոզել թէ յոյսի ժամանակը հասաւ, հրաւիրելով մարդիկը խաղաղութեան համար աշխատիլ, ապրիլ եղբայրութիւնը եւ ձեռք երկարել տկարի։ Հակառակ դիմադրութիւններու ու խոչընդոտներու Անկոլայի ժողովուրդը կ՛աշխատի կերտել իր ապագան յառաջանալով ներումի, արդարութեան եւ զօրակցութեան ուղիներէն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ երկրի պատասխանատուներէն որ գործեն կարօտեալներու հիմնական պահանջներուն իրագործումին, ընդգծելով թէ պետական իշխանութիւնները կանչուած են հասարակաց բարիքին համար աշխատելու։ Մեր սրտերը բնաւ հանգիստ պէտք չէ ըլլան մինչեւ որ գոյթիւն ունին եղբայրներ, որոնք կը տառապին անօթութենէն, զրկուած աշխատանքէն, տունեն ու հիմնական բարիքներէն։ Կանչուած ենք դրական պատասխան տալ վերոյշեալ կարօտեալ եղբայրներու։ Մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ զօրակցիլ անոնց։ Զօրակցութիւն սերունդներու միջեւ, զօրակցութիւն ազգերու միջեւ, ցամաքամասերու միջեւ որպէսզի երկրագունդի բոլոր մարդիկը օգտուին երկրի բոլոր բարիքներէն։

Հուսկ նորին սրբութիւնը իր խոսքը եզրափակեց ըսելով. Ուկանտաէն կը տարածեմ իմ հայցքը համայն Ափրիկէի, ժամադրութիւն տալով յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն համար, ուր Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսներու յատուկ ժողովը նուիրուած Ափրիկէի ցամաքամասի, ուր մարդցեալ Բանը` Աստուծոյ Որդին ապաստան գտաւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ, քաջութիւն։ Մի յոգնիք խաղաղութիւնը ամրապնդելու իրաու ներելով եւ աշխատելով ազգային հաշտութեան համար, որպէսզի բռնութիւնը չի գերադասուի երկխօսութեան վրայ, վախը ու վհատութիւնը վստահութեան վրայ, ոխակալութիւնը եղբայրական սիրոյ վրայ։ Ասիկա կարելի պիտի ըլլայ եթէ իրարզիրար ճանչնաք որպէս եղբայրները միեւնոյն երկնաւոր Հօր։

Թող Աստուած օրհնէ Անկոլա։ Օրհնէ անոր բոլոր զաւակներն ու դուստրերը։ Օրհնէ այս սիրեցեալ ազգին ներկան ու ապագան։

Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահական պալատին մէջ , նախագահ` Դոս Սանդոսին նուիրեց յախճապակիէ պատկեր մը որ կը ներկայացնէ ս. Պօղոս տաճրի ճակտը։ Իսկ Անկոլայի նախագահը Քահայանապետին նուիրեց փայտէ ձեռք մը աղաւնի բռնած ։








All the contents on this site are copyrighted ©.