2009-03-23 12:18:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի Նախագահը Եւ Վարչապետը Կուսակցութեանց Հետ Քննարկեցին՝ Տնտեսական Ճգնաժամի Խնդիրները։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 48 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Ուրբաթ օր քննարկեցին միջազգային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ, եւ անկէ դուրս գալու ճամբաները։ Նախագահը հրաւէր ուղարկած էր Հայաստանի բոլոր կուսակցութիւններուն, սակայն ընդդիմադիր շարք մը կուսակցութիւններ չընդառաջեցին հրաւէրին ու մերժեցին մասնակցիլ սոյն քննարկումներուն։ Բացակայ կուսակցութիւններու շարքին էին Ժառանգութիւնն ու ՀԱԿը։ Խորհրդակցական այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս։ Քննարկման ընթացքին առանձին ելոյթներով հանդէս եկան նախագահն ու վարչապետը։



Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի այցելութիւնը արդիւնք է շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան։Կը նախատեսուի, որ Օպամա Թուրքիա այցելէ 6 եւ 7 ապրիլին։ Պապաճան նշեց, որ Օպամա նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելէն ետք սկսած է վերատեսութեան ենթարկել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ ամերիկեան նոր վարչակազմը ուրիշներու կարծիքին սկսած է աւելի ականջ տալ, յանձնարարութիւններ ստանալ, ինչպէս նաեւ կը ջանայ իր դաշնակիցներուն հետ աւելի սերտ գործակցութիւն մը ունենալ։



Նոյնպէս ՝՝Համաս՝՝ շարժումի ղեկավար Խալետ Մաշաալ իտալական ՝՝Լա Ռեփուպլիքա՝՝ օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ արտայայտուած է Օպամայի մասին ըսելով թէ ՝՝նախագահ Օպամայի կողմէ շրջանին վերաբերեալ նոր լեզու մը կը լսուի՝՝։ Բոլորին համար մարտահրաւէրը այս նոր լեզուին Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական քաղաքականութեանց մէջ իսկական փոփոխութեան մը նախաքայլը ըլլալն է։ Այն ինչ կը վերաբերի Համասի ուղղութեամբ պաշտօնապէս բացուելուն, ատիկա ժամանակի հարց մըն է(ըսած է Մաշաալ)։



Պոլսոյ ՝՝Մարմարա՝՝ օրաթերթը կը գրէ, որ ուրբաթ օրը հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ Նէվրուզի տօնակատարութիւններ տեղի ունեցած են Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան գլխաւորութեամբ։Ուրֆայի մէջ Նէվրուզի տօնակատարութիւնները փոխակերպուած են ՔԱԿ-ի անդամներու հաւաքի։ Այդ առիթով խօսք առած է Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Թիւրք, որ ըսած է, թէ Իմրալիի բանտին մէջ գտնուող Ապտուլլահ Օճալանը պէտք է ազատ արձակուի, այնպէս ինչպէս ազատ արձակուեցաւ Նելսըն Մանտելան։



՝՝ԼԸ ՆՈՒՎԵԼ ՕՊԶԵՐՎԱԹԷՕՐ՝՝ ԵՐԿԱՐԱՇՈՒՆՉ ՅՕԴՈՒԱԾՈՎ ՄԸ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ։ Ֆրանսական ՝՝Լը Նուվել Օպզերվաթէօր՝՝ շաբաթաթերթը իր 12-18 մարտ թիւին մէջ լոյս ընծայեց ՝՝Թուրքիա, անոնք՝ որոնք ներում կը հայցեն՝՝ խորագիրով երեք էջնոց յօդուած մը։ Յօդուածի հեղինակ Ուրսուլա Կոթիէ կը գրէ, թէ հայերու ջարդէն շուրջ մէկ դար ետք, Թուրքիոյ մէջ համացանցի վրայ հայ ժողովուրդէն ներում հայցող դիմում մը կը շրջի։ Կոթիէ կը նշէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ քիւրտ երեսփոխաններն ու Ժողովրդավար Ընկերութիւն կուսակցութեան նախագահը այլեւս չեն վարանիր հրապարակաւ 1915-ի ոճիրներուն իրենց ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը ընդունելէ։



ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ՝ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՇՆԱՆ։

Խաղաղ Նախաձեռնութեանց կովկասեան կեդրոնի նախագահ Գէորգի Վանեան յայտնած, որ հայկական շարժանկարներու ՝՝23.5՝՝ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ։ Ըստ Վանեանի, թուրք-ազրպէյճանական աշխատանքային խմբակներ Հայաստան պիտի այցելեն՝ քննարկելու համար փառատօնին օրակարգը։ Փառատօնը նախատեսուած է կազմակերպել աշնան։Գէորգի Վանեան յայտնած նաեւ, որ իրենք Ազրպէյճանէն գործընկերներ ունին, որովհետեւ կուզեն ազրպէյճանական ընկերութիւնը եւս տեղեակ պահել ձեռնարկէն։ ՝՝Մենք նաեւ կը ձգտինք շարք մը հարցերու վերաբերեալ, թուրք երիտասարդութեան, հայկական շարժանկարներու արտադրիչներու տեսակէտները ներկայացնել՝՝ (ըսած է ան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.