2009-03-22 15:25:56

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Աթոռը կը դատապարտէ կիներու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը առողջապահական գետնի վրայ։


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Աթոռը կը դատապարտէ կիներու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը առողջապահական գետնի վրայ։

Վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ ` գերապայծառ Միլիորէ, խօսք առնելով Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնին մէջ դատապարտեց կիներու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը առողջապահական գետնի վրայ, պարզապէս որովհետեւ անոնք կիներ են։ Նման կեցուածք մը անընդունելի է, ըսաւ ան։ Վատիկանի մնայուն դէտը խօսք առնելով ՄԱԿի 53-րդ յանձնախումբին առջեւ, որ կը բանակցի այրի եւ կնոջ հաւասար բաժանումի պատասխանատուութեան ու խնամքին նիւթին մասին։ Մարդկային էակները ոչ միայն ինքնավար եւ հասաւար այլ եւ իրարու զօրակից են։



Հռոմ – եկեղեզական հաղորդակցութեան գիտաժողով նախաձեռնութեամբ ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի։

Շաբաթասկիզբը Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը նախաձեռնութեամբ ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի։ Գումարին նիւթն է նոր հորիզօններ եկեղեցական հաղորդակցութեանց համար։ Ժողովին մասնակցեցան աշխարհի բոլոր թեմերու եկեղեցական հաղորդակցութեանց պատասխանատուները։ ներակածանը կատարեց ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Չելլի։ Ժողովականներու խորհրդածութեան նիթերը եղան. հաղորդակցութեանց միջոցներու յեղաշրջումը, Եկեղեցւոյ ուսուցումը հաղորդակցութեան միջոցաւ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայ մարտահրաւէրները







All the contents on this site are copyrighted ©.