2009-03-22 15:24:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կոչը Ափրիկէի բոլոր ժողովուրդներու հաշտութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Անկոլա։ Բացօդեայ պատարագ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու հետ Չիմանկոլա դաշտի վրայ եւ հանդիպում կիներու պաշտպան կաթողիկէ շարժումներու հետ։



Կիրակի` մարտ 22, առաւօտեան ժամը 10-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Չիմանկոլա դաշտի վրայ մասնակցութեամբ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու։

իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ յայտնեց իր ուրախութիւնը ափրիկէցիներու միջեւ գտնուելուն, որպէս յաջորդը ս. Պետրոս առաքելապետի։ Ապա սրբազան Հայրը հրաւիրեց ափրիկեցիները հաշտութեան, պտուղը դարձի, նոր մտածողութեան։ Միայն Աստուծոյ յաղթական սէրը կարող է նուաճել մեղքի ու բաժանումի իշխանը։ Ես ձեր մէջ կը գտնուիմ քարոզելու ներումը եւ յոյսը նոր կեանքի Քրիստոսի մէջ։ Մկրտութեամբ Ս. Հոգիէն ստացաք զօրութիւնը դառնալու շինարարները լաւագոյն ապագայի մը։ Լոյսը արդէն աշխարհ եկաւ սակայն մարդիկը նախընտրեցին խաւարը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին։ Աստուծոյ խօսքը անվերջ յոյսի խօսք է։ Արդարեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ իր Միածին Որդին ղրկեց որպէսզի աշխարհը փրկուի։

պատարագին աւարտին նորին սրբութիւնը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը արտասանեց եւ հրաւիրեց տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալները նմանելու ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Մարիամ անվերապահօրէն այո ըսաւ Աստուծոյ կամքին։ Մենք եւս կանչուած ենք Աստուծոյ կամքը կատարել։ Հուսկ Սրբազան հայրը Անկոլայի եւ Ափրիկէի քրիստոնեաներէն խնդրեց աղօթել եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի յաջողիութեան համար, որ նուիրուած է Ափրիկէի եւ որուն նիւթն է. Ափրիկէի Եկեղեցին ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան։ Դուք էք երկին աղը, դուք էք լոյսը աշխարհի։

Յետմիջօրէին նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ կիներու պաշտպան կաթողիկէ շարժումներու անդամներու հետ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կոչը Ափրիկէի բոլոր ժողովուրդներու հաշտութեան։

Ի պատրաստութիւն Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին Սրբզ.Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Եաունտէի մէջ Ափրիկէի բոլոր եպիսկոպոսներուն հետ եւ այդ առթիւ կոչ ըրաւ անոնց աշխատելու Ափրիկէի բոլոր ժողովուրդներու հաշտութեան, առանց խտրականութիւն դնելու ցեղի, մշակոյթի սեռի ու կրօնքի, ընդգծելով որ բոլոր մարդիկը զաւակներն են միեւնոյն Աստուծոյ։ Միայն հաշտութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կերտել ՜՜Ափրիկէ մը աւելի արդար եւ աւելի խաղաղարար՝՝։ Ափրիկէի Եկեղեցին պէտք է ըլլայ հասարակութիւն մը հաշտուած Աստուծոյ ու եղբայրներու հետ։ Միայն այս պայմանով կարող պիտի ըլլայ քարոզել հաշտութիւնը ներկայ ընկերութեան, որ դժբախտաբար կը ճանչնայ շատ մը վայրերու մէջ ընդհարումներ, պատերազմներ ու ատելութիւններ։

Եւ միաժամանակ Սրբզ. Հայրը մաղթեց որ Աստուծոյ խօսքը` Աւետարանը վերաժէքաւորէ ափրիկեան աւանդութիւններն ու բարքերը, ուղղէ եւ կատարելագործէ ըմբռնումը կեանքի, մարդու եւ ընտանիքի։ Հուսկ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով Ափրիկէի աստուածաբաններուն խնդրեց անոնցմէ որ յառաջ տանին ափրիկեան աստուածաբանութիւն մը խորացնելով Ս. Երրորդութեան խորհուրդի ըմբռնումը ափրիկէցիի առօրեայի մէջ։

Կիրակի օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին բացօդեայ պատարագ մատոյց մայրաքաղաքի Չիմանկոլա դաշտը Ափրիկէի աւելի քան 150 եպիսկոպոսներու հետ։ Պատարագի աւարտին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց։ Իսկ յետ միջօրէին, Ս. Անտոն ժողովրդապետութեան մէջ, հանդիպում ունեցաւ կիներու արժանաւորութիւնը եւ իրաւունքը պաշտպանող կաթողիկէ շարժումներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.