2009-03-22 15:27:16

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի` մարտ 22, Ե. կիրակի քառասնորդացի, Դատաւորի կիրակի Ընթերցում Ս. Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ ԺԸ. 1-14 համարները

Անիրաւ դատաւորի առակը

Յիսուս Առակ մըն ալ պատմեց, ցոյց տալու համար անոնց, որ մի՛շտ պէտք է աղօթեն եւ երբե՛ք պէտք չէ լքանին։ Յիսուս ըսաւ Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ոչ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կամչնար։ Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր քով կու գար եւ կ՛ըսէր ՜՜Դա՛տս տես հակառակորդիս դէմ՝՝։ Երկար ատեն չուզեց (դատ ընել), բայց ամէնէն վերջ՝ մտքէն ըսաւ ՜՜Թէեւ Աստուծմէ՛ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ ալ չեմ ամչնար, բայց գո՛նէ անոր համար ընեմ ասոր դատը, որ շարունակ գալով զի՛ս չձանձրացնէ՝՝։ Եւ Տէրը ըսաւ ՜՜Լսեցի՞ք, թէ ինչ կ՛ըսէր անիրաւ դատաւորը։ Արդ, Աստուա՞ծ արդարութիւն պիտի չընէ իր ծառաներուն, որոնք գիշեր ցերեկ կաղաղակեն իրեն եւ պիտի ձգձգէ՞ միայն անոնց հարցը։ Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, որ շուտով արդարութիւն պիտի ընէ անոնց, միայն թէ, երբ գայ Մարդու Որդին՝ հաւատք պիտի գտնէ՞ արդեօք երկրիս վրայ՝՝։

Մեծ պահքը երրեակ իմաստով – Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանը եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար հոգեկան վերանորոգութեան սքանչելի առիթ մըն է։ Երբ անիկա գիտակցօրէն ապրուի հոգեկան ազնուացման եւ առհասարակ մարդ անհատի երջանկութեան ամէնէն ազդու եւ բարերար միջոցը կը դառնայ։ Մեծ պահքը գիտակցօրէն ապրիլ` կը նշանակէ.

1 աղօթքը դարձնել մեր կեանքի կեդրոնական առանցքը։

2. Պահք բռնել։ Աւերտարանին մէջ Յիսուս պատուիրեց իր հետեւորդներուն որ պահք բռնեն ոչ ի ցոյց մարդկանց, այլ ներքին ինքնամփոփումով, որպէսզի պահքը արժէք ստանայ եւ ծառայէ անձին վերանորոգութեան։

3. Բարիք գործել։








All the contents on this site are copyrighted ©.