2009-03-21 14:20:09

Անկոլայի եկեղեցին դրական կերպով սատարած է երկրին համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար


Անկոլայի եկեղեցին ներկայացուցած է 2008ի գոհացուցիչ հաշուեկշիռը։

Ան մեծապէս սատարած է երկրին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան հաստատումին համար։ 2008ին եկեղեցական իշխանութիւնները նոր սերունդը հրաւիրած են հրաժարելու՝ ոգելից ըմպելիներէն, թմրեցուցիչներէն եւ չարագործութիւններէն։Արդարեւ տեղական մամուլը ընդգծած է ոճիրներու նահանջը։ Երկրին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան հաստատումին մասին անդրադառնալով, մամուլը կը յիշեցնէ թէ Անկոլան ճանչցաւ 27 տարուայ քաղաքացիական պատերազմ մը, 1975-2002, որուն հետեւանքով կէս միլիոն հոգի զոհուած է եւ չորս միլիոն ալ տեղահանուած։ Եկեղեցին 2008ին յաճախ քարոզած է ՜՜եղբայրսիրութիւնը՝՝ մասնաւորապէս կարօտեալներու հանդէպ։ Նոյնպէս եկեղեցին պայքար մղած է տնային բռնութիւններու դէմ եւ հրաւիրած՝ պարագլուխները ‘’լուծելու ընդհարումները երկխօսութեան ճամբով’’։ Ինչպէս նաեւ յառաջ տարած է ընկերային ծրագիրներ նուաճելու՝ ‘’բոլոր այն երեւոյթները որոնք կարող են վնաս բերել ընկերութեան’’։

Եկեղեցին անդադար յիշեցուցած է որ կարելի չէ նիւթական բարօրութիւն ունենալ առանց կրօնական ազատութեան։ Եկեղեցւոյ պատասխանատուները, նոյնպէս, երկրի ղեկավարներէն խնդրած են որ իրականացնեն ծրագիրներ ՜՜կարող՝ չէզոգացնելու դասակարգային անհաւասարութիւնը՝՝, տալով ամէն անհատին ՜՜կարելիութիւնը՝՝ ունենալու հաւասար իրաւունք եւ պարտականութիւն, առանց դասակարգի խտրականութեան։ Ընկերային գետնի վրայ, Կաթողիկէ Եկեղեցին Անկոլային մէջ հաստատեց առողջապահական կեդրոններ, յառաջ տարաւ անգրագիտութեան դէմ յայտագրեր եւ կառուցեց դպրոցներ։ Եկեղեցին Սրբազան Քահանայապետի այցելութենէն կը յուսայ որ ամրանայ քրիստոնեայ հաւատացեալներու հաւատքը ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.