2009-03-21 11:41:35

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՀԱՅ-ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏ։

18-20 մարտ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած է առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-պիելոռուսական միջ-կառավարական յանձնախումբի հերթական 7-րդ նիստը։ Նիստը կը վարէին յանձնախումբի հայկական կողմի նախագահ՝ Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Ներսէս Երիցեան եւ պիելոռուսական կողմի նախագահ՝ Պիելոռուսիոյ տնտեսութեան նախարար Նիքոլայ Զայչենքօ։ Նիստի օրակարգին մէջ ներառուած էին արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ դեղագործութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ։՝՝Ինչպէ՞ս միացեալ ուժերով դիմագրաւել միջազգային տնտեսական տագնապին հաւանական ազդեցութիւնները՝՝։ Երէկ շուրջ 4 ժամ տեւած փակ քննարկումներու ընթացքին այս հարցումին վերաբերեալ իրենց մօտեցումներն ու առաջարկները ներկայացուցած են հայաստանեան 48 քաղաքական ուժերու ղեկավարները՝ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած յատուկ նիւթով երկրորդ խորհրդակցութեան ընթացքին։ Ըստ Հայաստանի հանրային ռատիոյին, Սերժ Սարգսեան նշած է, որ խորհրդակցութեան կայացումը ժամանակի պահանջն է։ Ան ըսած է, թէ տնտեսական տագնապը ստիպած է զարգացած երկիրները տանիլ այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնք անցեալին պարզապէս անընդունելի պիտի նկատուէին։Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր կարճ խօսքին մէջ նշած է, թէ կառավարութիւնը իր միջոցառումներուն կը ձեռնարկէ տագնապը դիմագրաւելու համար։



՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան ըսած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ հիւլէական նոր կայանը պիտի ըլլայ բաց- թափանցիկ, միջազգային մրցումներու իբրեւ արդիւնք իրականացուող կառոյց, եւ որեւէ երկիր, ներառեալ նաեւ Թուրքիան, կրնայ իր մասնակցութիւնը ունենալ այդ կառոյցին մէջ։



ԵՐԵՒԱՆ - ՝՝Ուժանիւթային անվտանգութեան մարտահրաւէրները Սեւծովեան տարածաշրջանին Մէջ՝՝ հարցը քննարկուեցաւ Մարտ 20ին, Երեւանի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ուժանիւթի աշխատանքային խումբերու հանդիպման ընթացքին։ Մարտ 18ին մեկնարկած այս քննարկումները կատարուեցան նախագահութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան, որ 2 տարի ժամկէտով՝ 2007ի Մայիս 1էն սկսեալ, կազմակերպութեան ուժանիւթային աշխատանքները համակարգող երկիրն է, իսկ 2008ի Նոյեմբեր 1էն սկսեալ, ստանձնած է նաեւ ՍԾՏՀ հերթական 6ամսեայ նախագահութիւնը։ Մարտ 20ին կայացած հանդիպման ներկայ էին Ռուսիոյ, Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Յունաստանի, Մոլտովայի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրանի ներկայացուցիչները։ Կը բացակայէին Ատրպէյճանը եւ Ալպանիան։ Քննարկումներուն հրաւիրուած էին նաեւ ԱՄՆի, Եւրոմիութեան, ՄԱԿի եւ Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներ։

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀՅԴ. ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԱՆՏԸ ։

Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեղւոյն շարքերուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները ծանօթ են քաղաքական բոլոր շրջանակներուն։ Վերջին տարիներուն, այս յարաբերութիւններուն մակարդակը շատ աւելի ամրապնդուած է բարձրագոյն դիրքերու վրայ։ Ընկերվարական կուսակցութեան եւ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի միջեւ կապը կը հանդիսանայ առաջին քարտուղար Ֆրանսուա Հոլանտը, որուն հետ յարաբերութիւնները անցած են սովորական-փրոթոքոլային սահմանը եւ հասած են քաղաքական հասկացողութեամբ լուրջ ու սերտ աստիճանի։ Այս մէկը Հոլանտ անձամբ հաստատեց՝ Փարիզի մէջ սեղմ, բայց քաղաքական խորքով յուսադրիչ երեկոյի մը ընթացքին։ Արդարեւ, 17 մարտին, ՀՅԴ. Դումանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը, ի պատիւ Ֆրանսուա Հոլանտի, հռչակաւոր ՝՝Փեթրոսեան՝՝ ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ընկերվարական վեց ծերակուտականներու, եօթը երեսփոխաններու, տասնեակ մը քաղաքապետներու, մտաւորականներու, կուսակցական թէ հայկական միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ օտար հրաւիրեալներու եւ բանաւոր թէ գրաւոր մամուլին։ Երեկոյի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին ՀՅԴ Դումանի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ. Բիւրոյի անդամ Հայկ Օշական եւ Ֆրանսուա Հոլանտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.